
Վեր.Դոկտ.Վահան Յ. Թութիկեան*
Հայ Աւետարանական Համաշխարհային խորհուրդի (ՀԱՀԽ) Գործադիր յանձնախումբին տարեկան ժողովը գումարուեցաւ Հոկտեմբեր 21-22, 2021ին, Ֆրեզնոյի Հայ Պանդխտաց Ժողովական եկեղեցւոյ ընկերային սրահին մէջ:
Գործադիր յանձնախումբի ժողովին կը մասնակցէին, անձամբ եւ առցանց, ՀԱՀԽի հինգ Եկեղեցական միութիւններուն, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան եւ «Փիլիպոսեան» հիմնարկութեան ներկայացուցիչները:
Ժողովը քննեց օրակարգի վրայ գտնուող կէտերը եւ համապատասխան որոշումներ կայացուց եկեղեցական միութիւններուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի հայութիւնը յուզող ընդհանրական հարցերուն գծով:
Ընթացիկ տարուան՝ 2021ի ընթացքին, Հայց. Աւետարանական եկեղեցին կը տօնէ իր 175ամեայ տարեդարձը: ՀԱՀԽը եւս սրտի անհուն գոհունակութեամբ եւ առ Աստուած երախտագիտութեան խոր զգացումներով կը նշէ Հայց. Աւետարանական Եկեղեցիի հիմնադրութեան 175ամեակը:
Գործադիր յանձնախումբը հոգեկան անխառն զգացումներով արձանագրեց այն բոլոր յոբելենական միջոցառումները որ տեղի ունեցան 2021 տարեշրջանին, եւ ուրիշ տօնակատարութիւններ, որոնք պիտի շարունակուին մինչեւ տարեվերջ: Պսակաւոր ժահրի պատճառով Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք հանդիսութիւնները, յետաձգուեցան 2022ի Յունիս 25 էն մինչեւ Յուլիս 5: Աղօթող ենք, որ այս ծրագիրները անարգել ի գործ կը դրուին յառաջիկայ տարուան ընթացքին:
Գործադիր յանձնախումբը ուրախութեամբ արձանագրեց հրատարակութիւնը Հայց. Աւետարանական եկեղեցւոյ 175ամեակի առթիւ պատրաստուած «Յուշամատեան»ին, որ լոյս տեսաւ Երեւանի մէջ, Մայիս 2021ին: Իր երախտագիտութիւնը յայտնեց զայն աշխատասիրող խմբագիր՝ վեր. դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեանին, կազմակերպութիւններու կողմէ նշանակուած աշխատասիրողներուն եւ անոր հրատարակութեան նպաստող անհատներուն: Գիրքերը արդէն բաժնուած են ՀԱՀԽի անդամ միութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն:
Ժողովը նաեւ գոհունակութեամբ ողջունեց «Յուշամատեան»ը անգլերէնի թարգմանելու ծրագիրը՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական միութեան կողմէ, յառաջիկայ տարուան ընթացքին:
Երջանիկ զուգադիպութեամբ, այս տարեշրջանին Հայաստան եւ Արցախ կը տօնեն իրենց անկախութեան 30ամեակը: Այս բարեբաստիկ առիթով ժողովը իր շնորհաւորութեանց կողքին, կը յայտնէ իր ամբողջական եւ անվերապահ զօրակցութիւնը մեր զոյգ հանրապետութիւններուն եւ լիովին զօրավիգ կը կանգնի անոնց: վերանորոգելով իր յանձնառութիւնը ազատ, անկախ, ժողովրդավար եւ բարգաւաճող Հայրենիքի տեսլականին:
ՀԱՀԽը կը խոնարհի Արցախեան պատերազմի ընթացքին նահատակուած հերոսներու յիշատակին առջեւ: Կը դատապարտէ Ատրպէյճանը հայ գերիները ազատ արձակելու դժկամակութեան համար:
Կը դատապարտէ Ատրպէյճանը, որ Արցախի դէմ 44օրեայ պատերազմէն յետոյ տակաւին կը շարունակէ իր սպառնալիքները՝ անհեթեթ պահանջքներ ներկայացնելով եւ բացայայտ քայլեր առնելով Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան դէմ:
Ինչ կը վերաբերի Միջին Արեւելքի հայկական գաղութներուն, Գործադիր յանձնախումբը խորհրդակցութեան նիւթ ըրաւ այդ շրջանի քաղաքական բարդ կացութիւնն ու դիմագրաւած տնտեսական սուր տագնապը: Յանձնախումբի անդամները մասնաւոր խորհրդակցութեան նիւթ ըրին լիբանանահայութեան տնտեսական մտահոգիչ իրավիճակը: Յանձնախումբը մեծապէս գնահատեց Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան միջոցով կատարուած նիւթական իշխանական աջակցութիւնը: Նկատի ունենալով ներկայ ահազանգային տնտեսական կարիքը, որոշեց յաւելեալ ջանքերով օգնութեան ձեռք մեկնել լիբանանահայ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն:
Ժողովը ՀԱՀԽի անունով կոչ կ՛ընէ Հայ Աւետարանական համայնքին մասնաւորապէս, եւ հայ հասարակութեան ընդհանրապէս՝ համախմբուելու եւ միասնական ջանքերով սատարելու Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի հզօրացման ծրագիրներուն:
*Գործադիր տնօրէն՝
Հայ Աւետարանական Համաշխարհային խորհուրդի