ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Արշակ Կարապետեան 5 Նոյեմբերին ընդունեց Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի Հանրապետութեան դեսպան Անն Լույօն:
Հանդիպումին քննարկուեցան հայ-ատրպէյճանական սահմանին տիրող իրավիճակին, տարածաշրջանային ապահովութեան, զինուած ուժերուն մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն եւ այս պարունակին մէջ պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ հայ-ֆրանսական երկկողմ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր։
Կողմերը կարեւոր նկատեցին համագործակցութեան զարգացման ուղղութեամբ գործողութիւններու աշխուժացումը՝ արդիւնաւէտ ծրագիրները շարունակելու եւ համագործակցութեան նոր ուղղութիւններու նախաձեռնելու նպատակով: