ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի անդամ Արսէն Յարութիւնեան 7 Նոյեմբերին հանդիսացաւ աշխարհի 23 տարեկանէն վար ըմբշամարտի ախոյեան:
Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ տեղի ունեցած ախոյեանութեան 61 քլկ. դասակարգի աւարտականին, Յարութիւնեան մրցեցաւ ռուս Արթուր Չեփորտայեւի դէմ, արձանագրելով 11-7 արդիւնքով յաղթանակ մը:
74 քլկ. դասակարգի մրցումներուն, Հրայր Ալիխանեան, որ մրցեցաւ աւստրիացի Սիմոն Մարչըլի դէմ, արձանագրելով 10-0 արդիւնքով յաղթանակ մը՝ տիրացաւ պրոնզ մետալին:

Աւելի կանուխ, Վազգէն Թեւանեան (70 քլկ.) հանդիսացած էր 23 տարեկանէն վար ախոյեանութեան արծաթէ մետալակիր, իր մրցումներէն մէկուն ընթացքին պարտութեան մատնելով իր թուրք մրցակիցը։
Նաեւ, Մանուէլ Խնձրցեան (57 քլկ.) եւ Արման Աւագեան (79 քլկ.)՝ պրոնզէ մետալներ շահեցան:
Յունահռոմէական ըմբշամարտի աշխարհի 23 տարեկանէն վար ախոյեանութեան մրցումներուն, Շանթ Սարգսեան պրոնզէ մետալ մը ապահովեց Հայաստանին՝ 72 քլկ. դասակարգին մէջ:
Աւելի կանուխ, պրոնզէ մետալակիր դարձած էր նաեւ Հրաչեայ Պօղոսեան (63 քլկ.), իսկ մինչ 130 քլկ. դասակարգին մէջ Դաւիթ Օւասապեան տիրացած էր արծաթ մետալի:
Խմբային դասաւորումին մէջ, Հայաստան 3րդ դիրքը գրաւեց ազատ ոճի ըմբշամարտի մրցաշարքին մէջ, իսկ յունահռոմէական ոճին մէջ՝ 7րդ դիրքը։

Դաւիթ Չալոյեան
Միւս կողմէ, Հայաստանի կռփամարտի հաւաքականին անդամ Դաւիթ Չալոյեան հանդիսացաւ կռփամարտի աշխարհի ախոյեանութեան արծաթէ մետալակիր:
Դարձեալ Պելկրատի մէջ տեղի ունեցած ախոյեանութեան, 92 քլկ. եւ վեր դասակարգին մէջ, 24 տարեկան Չալոյեան, որ մրցեցաւ ռուս Մարք Փեթրովսքիի դէմ, իրաւարարներուն որոշումով կրեց 4-1 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Չալոյեան աւարտականի իր տոմսը ապահոված էր 5-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով ատրպէյճանցի իր մրցակիցը։
Չալոյեանէն առաջ Հայաստանի համար պրոնզ մետալ մը ապահոված էր Ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր Յովհաննէս Պաչքով: