ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ուաշինկթըն Պաքուն եւ Երեւանը կը յորդորէ շարունակել եւ աշխուժացնել Արցախի հակամարտութեան վերաբերող բոլոր չլուծուած հարցերուն համապարփակ լուծումներ գտնելու ջանքերը, ներառեալ՝ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահներու միջնորդական աշխատանքներուն ներգրաւուածութիւնը, յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս, Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն կողմէ անցեալ տարուան 9 Նոյեմբերին ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեան տարեդարձին առիթով։
«Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք անցեալ տարուան մարտական գործողութիւններուն ընթացքին զոհուածներու եւ վիրաւորուածներու ընտանիքներուն», աւելցուց ան՝ կոչ ընելով վերադարձնելու բոլոր գերիները, ապահովելու անհետ կորսուածներու ամբողջական հաշուարկը, տեղահանուած անձերու վերադարձը, ականազերծումը եւ միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններու հասանելիութիւնը՝ իրենց կարիքը ունեցողներուն:

Իր կարգին, Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, թէ տարեդարձին առիթով երեք ղեկավարներուն միջեւ հանդիպում մը տեղի պիտի չունենայ՝ աւելցնելով, թէ «մէկ տարի առաջ ստորագրուած այդ փաստաթուղթերը շատ կարեւոր կը նկատենք թէ՛ Ատրպէյճանի, թէ՛ Հայաստանի համար»; Ան պնդեց, թէ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը կասեցուց պատերազմը եւ դուռ բացաւ «տարածաշրջանային տնտեսութեան ու ենթակառոյցներու խաղաղ զարգացման ճամբուն առջեւ»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս յայտարարութիւն մը տարածեց այս առիթով, խոստանալով նպաստել կացութիւնը կայունացնելու ջանքերուն եւ դրուատելով ռուս խաղաղապահներուն դերը։
Եռակողմ յայտարարութեան ստորագրութեան առաջին տարեդարձին առիթով, Հարաւային Կովկասի հարցերու Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար յայտարարեց հետեւեալը․ «Այսօր կը յիշենք բոլոր անոնք, որոնք զոհուեցան եւ տուժեցին աւելի քան 30 տարի տեւած հակամարտութեան ընթացքին: Չլուծած հարցերը պէտք է կարգաւորուին, որպէսզի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդները միասին յառաջ երթան՝ դէպի համապարփակ եւ կայուն խաղաղութիւն։ Եւրոպական Միութիւնը ձեր եւ տարածաշրջանի կողքին է»: