ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Միացեալ Նահանգներու Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերու գրասենեակը դատապարտեց 8 Նոյեմբերին, Ատրպէյճանի կողմի կրակոցէն Շուշիի մօտ հայ խաղաղ բնակիչին սպանութիւնը։
«Մենք կը դատապարտենք բռնութիւնը, որ պատճառ դարձաւ հայ խաղաղ բնակիչի մահուան։ Մենք կոչ կ՛ուղղենք Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին՝ աշխուժացնելու փոխգործակցութիւնը, նաեւ՝ Մինսքի խումբի համանախագահներուն միջոցով՝ Արցախի Հանրապետութեան հակամարտութեան վերաբերող կամ անկէ բխող բոլոր չլուծուած հարցերը լուծելու համար», կը նշուի այս առիթով հրապարակուած գրասենեակի հաղորդագրութեան մէջ ։
Արցախի Հանրապետութեան քննչական կոմիտէն յաւելեալ մանրամասնութիւններ փոխանցեց միջադէպին մասին, որ զոհ մը եւ երեք վիրաւոր պատճառեց՝ զայն նկատելով հակառակորդի հերթական սադրանք։ Այդ մասին հրապարակած յայտարարութիւն մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը. «2021 Նոյեմբերի 8ին, ժամը 15ի սահմաններում, Ադրբեջանի Հանրապետութեան զինուած ուժերի` գործով դեռեւս չպարզուած զինծառայողը Ադրբեջանի Հանրապետութեան զինուած ուժերի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքից անցնելով ԱՀ Շուշի-Բերձոր աւտոճանապարհի «Շուշիի տակ» կոչուող տեղանք, Արցախի Հանրապետութեան բնակչութեանն ահաբեկելու, նրանց մօտ վախի ու սարսափի մթնոլորտ ձեւաւորելու ձգտումով, ազգային, կրօնական ատելութեան շարժառիթով, ապօրինաբար երկու եւ աւելի անձանց կեանքից զրկելու ուղղակի դիտաւորութեամբ, իր մօտ պահուող հրազէնով կրակոցներ է արձակել ջրատար խողովակի վերանորոգում իրականացնող անձանց ուղղութեամբ, ինչի հետեւանքով Ստեփանակերտ քաղաքի 1998ին ծնուած բնակիչ Մարտիկ Երեմեանը գլխի շրջանում ստանալով հրազէնային-գնդակային վիրաւորում` տեղում մահացել է, իսկ Գէորգ Մելքումեանը, Գագիկ Ղազարեանը եւ Արմէն Սարգսեանը ստացել են հրազէնային վիրաւորումներ: Դէպքի վայր է մեկնել ԱՀ քննչական կոմիտէի Տարածքային քննչական վարչութեան պետ Մասիս Տէր Թարխանեանի գլխաւորութեամբ կազմուած քննչական խումբը»:
Կոմիտէն նաեւ դիտել կու տայ, որ յարուցուած է քրէական գործ, որուն նախաքննութիւնը յանձնուած է քննչական խումբին:

Արցախի Հանրապետութեան գլխաւոր դատախազութիւնը եւս այս մասին հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց` հաստատելով, որ ատրպէյճանական կողմին կատարած յանցաւոր արարքներու քննութեան իբրեւ արդիւնք Արցախի Հանրապետութեան իրաւապահ մարմիններուն կողմէ ձեռք բերուած ապացոյցները կը վերահաստատեն մնայուն կերպով կրկնուող իրենց այն դիրքորոշումը, որ թէ նման իւրաքանչիւր անհատական դէպք, թէ ալ անոնց ամբողջութիւնը կը հետապնդէ մէկ միասնական նպատակ` «ցանկացած գնով ահաբեկելու արցախահայութեանը, հեղինակազրկելու ռուսական խաղաղապահ ուժերին` այդ կերպ Արցախում բնակուող անձանց մօտ ձեւաւորելով անպաշտպանութեան զգացում եւ Արցախը լքելու մտադրութիւն: Հայատեաց ու ցեղասպան նման վարքագիծը շարունակուելու է, քանի դեռ միջազգային հանրութիւնը իր լռութեամբ ու անգործութեամբ քաջալերում եւ խրախուսում է Ադրբեջանին»:
Արցախի մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ առաքելութիւնը իր կարգին հաստատեց, որ Շուշիի մօտակայքը հայ բնակիչի սպանութիւնը ատրպէյճանական զինուժին կողմէ գործադրուած է:
«Ռուսական խաղաղապահ զօրամիաւորման հրամանատարութիւնը ադրբեջանական եւ հայկական կողմերի հետ համատեղ հետաքննում է միջադէպը», կ՛ըսուի վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ:
Ռուսական «Ինֆոթեքա 24» կայքը դէպքին կը մօտենայ այլ դիտանկիւնէ՝ նշելով, որ Շուշիի մերձակայքը ջրատար խողովակներու վրայ աշխատող քաղաքացիներուն վրայ կրակած է ոչ թէ ատրպէյճանցի զինուոր մը, այլ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի թիկնազօրի մէկ անդամը։
«Աշխատանքային խումբը կը գտնուէր Շուշիի երկու մուտքերուն միջեւ: Աշխատանքներուն ընթացքին անոնց մօտեցաւ բարձրահասակ անձ մը, որ սկսաւ բառաչել. ան ո՛չ ռուսերէն ոչ ալ ատրպէյճաներէն կը խօսէր: Բանուորները փորձեցին բացատրել, որ ջրատար խողովակները կը փոխեն, սակայն մարդասպանը շարունակեց անհասկնալի հնչիւններ արտաբերել եւ սկսաւ կրակել: Ատրճանակով սովորաբար զինուած կ՛ըլլան սպաները կամ ապահովութեան աշխատակիցները, ինչ որ հաւանական կը դարձնէ, որ մարդասպանը Ալիեւի թիկնազօրի անդամ էր, այսինքն հրաման կը գործադրէր», կը գրէ կայքը:
Յիշեցնենք, որ մարդասպանութեան պահուն Ալիեւ կ՛այցելէր գրաւեալ Շուշի, ուր աւելի ուշ հանդիպում մը ունեցաւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարի հետ: