
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ Մշակութային հիմնարկութիւնը Չորեքշաբթի օր հաղորդեց, թէ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի Ազգային վարչութեան փոխանցած է այն 200,000 տոլարը, որ հանգանակուած էր լիբանանահայ կարիքաւոր ընտանիքներուն աջակցութեան ձեռք երկարելու նպատակով։
ՀՅԴի Արեւմտեան Ամերիկայի կոմիտէութիւնները եւ անոր անդամները կատարեցին դրամահաւաքներ՝ օժանդակութիւն հասցնելու համար լիբանանահայ մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն:
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն նաեւ կոչ ըրած էր համայնքին, որ օժանդակութիւն տրամադրէ ընկերային-տնտեսական ծանր տագնապ դիմագրաւող լիբանանահայութեան։ Այս նպատակով, Հայ Մշակութային հիմնարկութեան յառաջացուցած Լիբանանահայութեան օժանդակ մարմինին կազմակերպութեամբ՝ հանգանակութեան ընթրիք մը տեղի ունեցաւ Սեպտեմբերին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, որուն ընթացքին հանգանակուեցաւ 200,000 տոլար: Այս գումարն է, որ ամբողջութեամբ յանձնուեցաւ առաջնորդարանին, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ճամբով բաժնուելու համար լիբանանահայ կարիքաւորներուն, որպէսզի կարելի ըլլայ որոշ չափով մեղմացնել անոնց դիմագրաւած ամէնօրեայ դժուարութիւնները։
Լիբանանը եղած է Սփիւռքի կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկը, որուն ապագան ճակատագրական իմաստ ունի համայն հայութեան համար։ Առ այդ, լիբանանահայութեան աջակցելու քայլը համահունչ է Հայ Մշակութային հիմնարկութեան առաքելութեան, որն է՝ հասնիլ բոլոր հայերու աջակցութեան, Հայաստանի, Արցախի, Սուրիոյ մէջ կամ այլուր:
Մինչ լիբանանահայութեան օժանդակութիւն հասցնելու նպատակով դրամահաւաքը կը շարունակուի, Հայ Մշակութային հիմնարկութեան վարչութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր անոնց, որոնք ցարդ այս նպատակով նուիրատուութիւններ կատարած են։