ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Գորիս-Կապան ճամբուն վրայ Ատրպէյճանի կողմէ մաքսակէտ տեղադրելուն մասին արտայայտուեցաւ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ անթոյլատրելի եւ անընդունելի նկատեց «ցանկացած ոտնձգութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանների, տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան, մեր քաղաքացիների կեանքի, նրանց ազատ եւ անվտանգ տեղաշարժի եւ բոլոր այլ հիմնարար իրաւունքների նկատմամբ»:
«Ցանկացած ոտնձգութեան դէպքում համապատասխան պետական մարմինները եւ պաշտօնատար անձինք, Սահմանադրութեամբ եւ օրէնքներով նախատեսուած իրենց լիազօրութիւնների շրջանակներում, պարտաւոր են ձեռնարկել բոլոր միջոցները եւ օգտագործել բոլոր հնարաւորութիւնները` ապահովելու Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութիւնը, անվտանգութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ նրա սահմանների անձեռնմխելիութիւնը», «Թելեկրամ»ի իր էջին վրայ գրած է Սարգսեան:
Միւս կողմէ, սակայն, այս առնչութեամբ աշխատանքները կը շարունակուին։ Արդարեւ, Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Գնել Սանոսեան լրագրողներու հետ ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին յայտնեց, որ պետութիւնը Սիւնիքի մէջ արդէն կառուցած է եւ պիտի շարունակէ կառուցել բազմաթիւ ուղիներ, որոնց կարգին` կարեւոր ռազմավարական նշանակութիւն ունեցողներ։
«Մենք Սիւնիքում բազմաթիւ ճանապարհներ ենք կառուցում հիմա եւ շարունակելու ենք կառուցել` սկսած կարեւոր ռազմավարական ճանապարհներից, սկսած Հիւսիս-հարաւի Սիսիան-Քաջարան եւ այլ հատուածներից մինչեւ դաշտամիջեան ճանապարհներ», յայտնեց ան։
Պետութիւնը միայն յաջորդ տարի կը նախատեսէ 500 քիլոմեթր դաշտամիջեան ճամբայ նախագծել կամ անոր մէկ մասը կառուցել: Կան միջհամայնքային, հանրապետական նշանակութեան ճանապարհներ: Հիմա Որոտան, Բարձրաւան, Շուռնուխ բոլոր այդ համայնքների ուղղութեամբ շինարարներն աշխատում են, ճանապարհները հնարաւորինս բարեկարգւում են: Խօսքը այլ ճանապարհների մասին է: Նշուած բոլոր համայնքները հիմա էլ կապ ունեն, տրանսպորտ կայ, շարժ կայ», յայտնեց նախարարը:
Ատրպէյճանական մաքսակէտի տեղադրումով Հայաստանի բնակիչներուն համար ստեղծուելիք հարցերուն անդրադարձաւ Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան` նշելով, թէ Գորիս-Կապան ճամբուն վրայ ատրպէյճանական սահմանային եւ մաքսային վերահսկողութէն ետք, Սիւնիքի մէջ պիտի ծագին մարդու, որոնց կարգին համայնքների բնակիչներու (մանուկներ, հաշմանդամութիւն ունեցող անձեր, տարեցներ եւ այլն) իրաւունքներու կոպիտ ոտնահարումներ եւ, ընդհանրապէս, մարդասիրական լուրջ հարցեր։
Լրջօրէն դժուարացած է կապը Գորիս քաղաքի, Որոտան, Շուռնուխ, Բարձրաւան եւ միւս քաղաքացիական բնակավայրերուն միջեւ, դիտել տուաւ Արման Թաթոյեան` ընդգծելով, որ նշեալ շրջաններուն մէջ արդէն իսկ ծագած են սննդամթերքի (հաց եւ այլ պարէնային ապրանքներ) եւ առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներու, բժշկական օգնութեան եւ սպասարկման հասանելիութեան լուրջ սահմանափակումներ` իբրեւ օրինակ նշելով, որ Գորիս համայնքի Որոտան, Շուռնուխ եւ Բարձրաւան գիւղերուն մէջ մեծ դժուարութեամբ կը կազմակերպուի հացի մատակարարումը, դպրոցներուն մէջ անկարելի է կամ մեծ դժուարութեամբ կը կազմակերպուի մանուկներու կրթութիւնը, կը սահմանափակուի բնակչութեան ազատ տեղաշարժը:
«Ստեղծուած վիճակը կոպտօրէն ոտնահարում է երեխայի շահերը, խախտում է բժշկական առաջնահերթ օգնութիւնից օգտուելու մարդասիրական բացարձակ իրաւունքը», շեշտեց Թաթոյեան։