ՄԱՏՐԻՏ.- Սպանական «Քոնֆիտենսիալ» թերթը գրած է եւրոպական կառոյցներուն մէջ Ատրպէյճանի «խաւիարային դիւանագիտութեան» եւ զեղծարարութեան փորձերու բացայայտման մասին:
Յօդուածին մէջ կը նշուին անունները այն սպանացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն, որոնք միլիոնաւոր տոլարներ ստացած են՝ կանխարգիլելու համար Եւրոպական Միութեան կողմէ որդեգրումը այն զեկուցումին, որուն մէջ Ատրպէյճան կը բնութագրուի իբրեւ բռնապետական վարչակարգ:
Կը նշուի, որ սպանացի Փետրօ Ակրամունթ (Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախկին նախագահ) «ատրպէյճանական լուացքատան» հետ առնչութիւն ունեցող աղմկայարոյց բացայայտումներուն պատճառով հրաժարած էր: Այս ծրագիրին ճամբով, եւրոպական ընկերութիւններու եւ դրամատուներու միջոցով շուրջ 2.9 միլիառ տոլար փոխանցուած է եւրոպացի պաշտօնեաներու դրամատնային հաշիւներուն՝ նպատակ ունենալով արտասահմանի մէջ Ալիեւի վարչակարգին վարկը բարելաւել:
Թերթը կը գրէ նաեւ «Խաւիարային Դիւանագիտութիւն» (2021) վաւերագրական ֆիլմին մասին, որուն մէջ ֆրանսացի լրագրող Պընուա Պրինկեր կը բացատրէ Պաքուի զարտուղի քայլերը: Ֆիլմը կը պատմէ Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունեցած ոչ-ժողովրդավարական ընտրութիւններու, Ալիեւի կողմէ քաղաքական եւ տնտեսական ներուժի բռնագրաւման, խօսքի ազատութեան սահմանափակման, ինչպէս նաեւ եւրոպացի պաշտօնեաներու կաշառք տալու բազմաթիւ դէպքերու մասին: