ԵՐԵՒԱՆ, ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյի գրասենեակէն կը տեղեկանանք, որ 16 Նոյեմբերին կատարուեցաւ Քալիֆորնիա-Հայաստան առեւտուրի գրասենեակին պաշտօնականացումը՝ Հայկական ընկերային նորարարութիւններու զարգացման հիմնարկութեան՝ Impact Hub Yerevan-ի կեդրոնատեղիին մէջ, ուր տեղադրուեցաւ Քալիֆորնիա նահանգի պաշտօնական կնիքը։
Կնիքը տեղադրեցին Փորթանթինօ եւ Սփիւռքի հարցերու բարձր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան։
Փորթանթինօ իրեն շնորհուած այս պատիւին համար շնորհակալութիւն յայտնեց նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմին, Սինանեանին, փոխնահանգապետ Էլենի Քունալաքիսին, ինչպէս նաեւ նահանգապետի Գործարարական եւ տնտեսական զարգացման բաժանմունքի (GO-Biz) վարիչ Տի Տի Մայըրզին։
Արարողութեան անձամբ կամ համացանցային կապի միջոցաւ ներկայ էին՝ Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեան, Սինանեան, Քունալաքիսի ներկայացուցիչ Էվըն Ռիտ, Նիւսըմի ներկայացուցիչներ՝ Էմըլի Տեսայի եւ Ճանըթըն Զիկլըր, Impact Hub Yerevan-ի համահիմնադիր Սարա Անճարկէօլեան եւ Յառաջացեալ արհեստագիտութիւններու ընկերութիւններու միութեան ներկայացուցիչ Ռաֆֆի Քասարճեան։
Նշենք, որ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Հայաստան-Քալիֆորնիա տնտեսական կապերը սերտացնող այս ջանքերը ջատագոված էր Քալիֆորնիոյ նախկին եւ ներկայ նահանգապետներու պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջաններուն եւ այս նպատակով նահանգային օրէնսդիրներու՝ դէպի Հայաստան ճամբորդութիւն մը կազմակերպած էր:
Յիշեցնենք, որ Սեպտեմբեր 2019ին, Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Քալիֆորնիոյ նահանգին միջեւ Շրջանակային համագործակցութեան համաձայնագիրին ստորագրութիւնը՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմի կողմէ, որուն ներկայ էր նաեւ Փորթանթինօ։