
Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցին մէջ իր մահկանացուն կնքեց Հայոց պատրիարքական աթոռի հոգեւորականաց դասի անդամներէն Թաթուլ Ծ. վրդ. Անուշեան, որ երկար ժամանակէ ի վեր անողոք հիւանդութենէ կը տառապէր։ Ան վերջին շրջանին կը վարէր պատրիարքական աթոռի լուսարարապետի եւ դիւանապետի պաշտօնները, նաեւ կ՛ատենապետէր Կրօնական ժողովին։ Ան ձեռնասունն էր երանաշնորհ պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի, երկար ժամանակէ ի վեր կարեւոր դերակատարութիւն ունէր համայնքի ազգային-եկեղեցական կեանքին մէջ։
Ան ծնած էր Պոլիս, 1966ին։ Քահանայ ձեռնադրուած էր 2003ին՝ ձեռամբ Մեսրոպ Բ. պատրիարքին։ Վարդապետական եւ ծայրագոյն վարդապետական գաւազանները ստանալէ ետք, Կրօնական ժողովը որոշած էր եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան ընծայական տալ անոր եւ դիմում ներկայացուած էր Գարեգին Բ. կաթողիկոսին։
Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան 15 Նոյեմբերին հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Սահակ Բ. պատրիարքին հետ, Թաթուլ Ծ. վրդ. Անուշեանի վախճանման առթիւ իր ցաւակցութիւնները յայտնելով անոր, հոգեւորականներուն եւ հայ համայնքին։