
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Բոլշեւիկներու ամենէն քստմնելի ոճիրը, անմարդկային արարքը պէտք է նկատել Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Խորէն Ա. Մուրադբեկեանի սպանութիւնը:
Դարաւոր անցեալի տէր Էջմիածինը հանդիսատես դարձած էր մեծ արշաւանքներու, աւերներու, բայց թշնամին երբեք չէր յանդգնած սպաննել Հայոց կաթողիկոսը:
Այդ սրբապղծութիւնը եւ անգթութիւնը կատարեց պոլշեւիզմը եւ Հայց. եկեղեցին անգամ մը եւս զոհաբերութեան իր բաժինը բերաւ մեր ժողովուրդի ազատագրական պայքարին: Գալիք սերունդները պիտի չմոռնան գործուած այդ ոճիրը: Դահիճները ամէն կերպ ջանացին գաղտնի պահել սպանութիւնը, բայց ժամանակի ընթացքին բացայայտուեցան դէպքին մանրամասնութիւնները:
1938ի Ապրիլ 11ին, Երուսաղէմէն կը հաղորդուէր «Յուսաբեր»ին, թէ հեռագիր մը ստացուած է Երեւանէն՝ Գէորգ արք. Չէօրէքճեանէն, որ կը յայտնէ, թէ կաթողիկոսը վախճանած է սրտի տագնապէ:
Իսկ Ապրիլ 13ին, Լոնտոնէն կը հեռագրէին. «Խորհրդային Հայաստանէն կը հաղորդուի, թէ Հայ եկեղեցիի պետը՝ Խորէն կաթողիկոս, սրտի կատուածէն մեռած է:

«Քանի մը ամիս առաջ կ՛ըսուէր, թէ խորհրդային բանտին մէջ արգելափակուած էր:
«Հոս կը կարծուի, թէ Չեկային (խորհրդային գաղտնի սպասարկութիւն) կողմէ սպաննուած է»:
Երկու ամիս կանցնի եւ արտասահմանի մեր առաջնորդարանները, Երուսաղէմի պատրիարքութիւնը ոչ մէկ լուր կը ստանան Էջմիածինէն:
«Սիոն»ը իր 1938 Յուլիսի թիւին մէջ կը գրէ. «Նկատելով, որ Ապրիլ 23էն ի վեր հեռագրով եւ նամակով որեւէ լուր չէր ստացուած Ս. Էջմիածնէն, Ս. պատրիարք հայրը Յունիս 13ին հետեւեալ հեռագիրը ուղղեց Չէօրէքճեան սրբազանին՝ ֆրանսերէն․
««Կը սպասենք անվրէպ մանրամասնեալ նամակի վասն յուղարկաւորութեան սրբազան հայրապետին, կացութեան Մայր աթոռոյ, անդամոց Գերագոյն խորհուրդի, եւ ձեր տեղակալութեան կոնդակին»:
«Իսկ այսօր, 29 Յունիս, Ն. ամենապատուութիւնը դարձեալ վճարեալ պատասխանով հեռագիր ուղղեց նոյն հասցէին.
«Ամէն կողմէ կը դիմեն մեզի, հաճեցէք փութացնել սպասուած տեղեկութիւնները»:
Վերջապէս Յուլիս 18ին, «Յուսաբեր»ի մէջ կը հրատարակուի Գահիրէի առաջնորդարանի ստացած զեկոյցը Էջմիածնէն, Մայիս 24 թուակիր, ուր Գէորգ եւ Արսէն արքեպիսկոպոսները կ՛իմացնեն, թէ «Խորէն Ա. կաթողիկոսը տարւոյս Ապրիլի լոյս 6ի գիշերը հանգեաւ ի տէր սրտի կաթուածից»:
Ոչ ոք կը հաւատայ այս շինծու տեղեկութեան: Հայաստանի ամբողջ ժողովուրդը իմացած էր Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին ողբերգական վախճանը եւ արտասահման անցնող ճամբորդներ կը բերեն մանրամասնութիւններ: Փարիզի «Յառաջ»ը 1938ի Մայիս 10ի թիւով կու տայ հետեւեալ սրտաճմլիկ տեղեկութիւնները.
«Չեկիստները պահանջում են յանձնել Էջմիածնի թանկագին գանձերը, ոսկեայ, արծաթեայ անօթները, ադամանդները, արժէքաւոր մատանիները եւայլն: Պահանջում են բանալիները՝ տաճար թանգարանն ու գանձարկղը բանալու համար, կաթողիկոսը մերժում է, չեկիստները շրջափակում են կաթողիկոսին եւ բռնութեամբ բանալիները ձեռքից առնում են:
«Զուր են անցնում տարաբախտ կաթողիկոսի օգնութեան կանչերը եւ անզօր դիմադրութիւնը:
«Չեկիստները ի վերջոյ նրան խեղդամահ են անում եւ հեռանում: Ասում են, թէ դժբախտ կաթողիկոսին խեղդել են վերջին աստիճանի վայրագ կերպով, ուղղակի ձեռքերով սեղմել են կոկորդը եւ խեղդել են: Դիակը մնում է ինկած գետնի վրայ:
«Կաթողիկոսին դիակը ուռած, կապտած, չարչրկուած ամբողջ երեք օր փռուած մնում է վեհարանի դահլիճում: Վանականներից ոչ մէկը, մինչեւ իսկ Գերագոյն հոգեւոր խորհրդի անդամները չէն համարձակում մօտենալ դիակին, որ արդէն սկսել էր հոտիլ: Չորրորդ օրը վանքում ապրող մի քանի ողորմելի կոյսեր, մեծ դժուարութեամբ վանքի բակում մի փոս են փորում եւ նահատակ կաթողիկոսի դիակը վեհարանից իջեցնելով թաղում են՛ առանց եկեղեցական արարողութեան»:
Կ՛անցնին տարիներ, եւ պոլշեւիկները ամէն ջանք կը թափեն գտնելու սուտ վկաներ՝ հաւատացնելու համար Սփիւռքի հայութեան, թէ Խորէն Ա. բնական մահով մեռած է: 1941ի Համաժողովի պատուիրակներէն Խադ արք. Աջապահեան, Անթիլիասի նախկին կաթողիկոսական տեղապահը, Էջմիածնէն իր բնակավայրը դառնալով, Աստուծոյ սպասաւորին վայել «ճշմարտախօսութեամբ», կը վկայէ. «Հանգուցեալ Խորէն կաթողիկոսի մասին արտասահմանի մէջ լսեցինք շատ զրոյցներ: Ամէնէն լուրջ մարդոց մօտ ցոյց տուած հետաքրքրութեանս իբրեւ պատասխան բոլորն ալ կը վկայեն, որ ան վախճանած է սրտի կատուածի մը հետեւանքով: Իսկ ինչ կը վերաբերի իր յուղարկաւորութեան, Երեւանի մէջ ամէն մարդ կը վկայէ, որ ան կատարուած է շատ փառաւոր կերպով եւ մեծ բազմութեան մը ներկայութեան»:
Իր խօսքը շարունակելով Սրբազան հայրը կը յայտարարէ. «Անոր դամբարանը կը գտնուի Էջմիածինի մէջ եւ ծածկուած է միակտուր մարմարիոնով: «Հոգւոց հանգուցելոց» մը արտասանեցի անոր շիրիմին վրայ: Շիրիմին յուշարձանին վրայ տակաւին գիր գրուած չէ, որովհետեւ, ըսաւ ինծի տեղակալ սրբազանը (Գէորգ արք. Չէօրէքճեան) «Ծեր, բայց շատ վարպետ փորագրիչ մը կար, մեռաւ, կը փնտռեմ ուրիշ մը, բայց կ՛ուզեմ, որ անիկա վարպետ ըլլայ եւ աղուոր բան մը գրէ»։
Նոյն համաժողովէն վերադարձող պարագլուխներէն մէկը կը պատմէ․ «Որպիսի՛ առասպելներ անոր յանկարծակի մահուան պարագաներուն շուրջ: Ինծի, որպէս մօտ բարեկամի մը, անծանօթ չէր հանգուցեալ կաթողիկոսին սրտի տկարութեան հետ անոր դէպի այդ տկարութիւնը ունեցած անհոգութիւնը, որուն գլխաւոր փաստերն էին անոր ծխամոլութիւնը, եւ սրճամոլութիւմը, եւ որուն՛ իր ատենին ես արձագանգ եղած եմ մամուլին մէջ: Այժմ գաղտնիք չէ, որ եթէ յանցաւոր մը կայ իր վաղաժամ մահուան մէջ, ատիկա եղած է իր գործածած ծուխին եւ սուրճին չափազանցութիւնը, որ, օր մը, եկած է յանկարծ դադրեցնելու անոր սրտին զարկը»:
Իսկ դամբարանին գալով Ա. Թէրզիպաշեան կ՛ըսէ. «Ամենավերջին կաթողիկոսին՝ Խորէն Ա.ի մարմինը թաղուած է Գայիանէ վանքին գաւիթին մէջ, միւս կաթողիկոսներու շարքին, եւ առաջին տեղը»:
Խադ սրբազան եւ Թերզիպաշեան սուտի աշխարհէն մեզի կը բերէին ինչ որ իրենց հրահանգուած էր, ծիծաղելի դառնալու աստիճան:
Իսկ ուրիշ պատուիրակ վկայ մը կ՛ըսէ. «1945ին, երբ ես Էջմիածնէն Գահիրէ եկայ, հոն յայտարարեցի որ, Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Խորէն Ա. սպաննած, խեղդամահ ըրած են, նոյնը կը կրկնեմ նաեւ այսօր, մեր Կաթողիկոսը՝ Խորէն Ա.՝ խեղդամահ ըրած են: Սակայն հին ոճիրներու շուրջ տեւաբար պէտք չէ խօսիլ»: