ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ, հակառակ ռուսական կողմին միջնորդութեամբ նախօրէին հաստատուած հրադադարին, 17 Նոյեմբերի ուշ երեկոյեան, Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները անկանոն կրակ բացին Տաւուշի մարզի հայ-ատրպէյճանական սահմանի կարգ մը ուղղութիւններով. պատասխան գործողութիւններէ ետք կրակոցները դադրեցան:
Ըստ նախարարութեան՝ 18 Նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 10ի դրութեամբ՝ իրավիճակը սահմանին յարաբերականօրէն կայուն է:
Զոհերու կամ վիրաւորներու մասին տեղեկութիւններ չհաղորդուեցան:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ յայտնեց, որ ճշդուած է ինքնութիւնը 16 Նոյեմբերի մարտերուն ընթացքին զոհուած հայ զինուորին, որուն դիակը Ռուսիոյ Հարաւային ռազմական ջոկատի փոխհրամանատար, զօր. Ռուստամ Մուրատովի միջնորդութեամբ յատուկ թռիչքով Պաքուէն Երեւան տեղափոխուեցաւ: Սպան 31ամեայ աւագ տեղակալ Տարօն Ջիւանի Սահակեանն է:
Մարտերուն ընթացքին անհետ կորսուած 24 զինուորներու յայտնաբերման, ինչպէս նաեւ գերի տարուածներու վերադարձի աշխատանքները կը շարունակուին:
Նախարարութիւնը յայտարարութեամբ մը նաեւ հերքեց մամուլին եւ ընկերային ցանցերու մէջ շրջան ընող այն տեղեկութիւնները, թէ 14 Նոյեմբերին հայկական կողմը 6 ատրպէյճանցի զինուորներ գերի առաւ, այնուհետեւ գաղտնաբար վերադարձուց զանոնք: «Բացարձակ ոչ մի կապ չունի իրականութեան հետ: Առաւել քան ակնյայտ է, որ նման իրադրութեան պարագայում հայկական կողմը գերիների առնուազն համարժէք փոխանակում կ՛իրականացնէր», յայտնեց նախարարութիւնը: