ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ համաձայնած են 15 Դեկտեմբերին հանդիպում ունենալ Պրիւքսէլի մէջ՝ Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան գագաթնաժողովի շրջագիծին մէջ: Լուրը հաղորդուեցաւ ԵՄի յայտարարութեամբ:
Կը նշուի, որ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել 19 Նոյեմբերին հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ ` շարունակելու այս շաբաթ աւելի կանուխ տեղի ունեցած քննարկումները տարածաշրջանին մէջ տիրող իրավիճակին եւ 15 Դեկտեմբերին, Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունենալիք Արեւելեան գործընկերութեան գագաթնաժողովի նախապատրաստութեան վերաբերող։
Ան առաջարկեց ընդունիլ Նիկոլ Փաշինեանը եւ Իլհամ Ալիեւը` Պրիւքսէլի մէջ Արեւելեան գործընկերութեան գագաթնաժողովի ծիրին մէջ հանդիպում ունենալու: Առաջնորդները համաձայն գտնուեցան տեսակցելու եւ քննարկելու տարածաշրջանի իրավիճակը եւ լարուածութիւնը յաղթահարելու ուղիները՝ յանուն կայուն եւ բարգաւաճ Հարաւային Կովկասի, բան մը, որուն կ՛աջակցի Եւրոպական Միութիւնը։
Յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի նաեւ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները պայմանաւորուեցան պաշտպանութեան նախարարներու մակարդակով ուղիղ կապ ստեղծել` իբրեւ միջադէպերու կանխարգիլման գործիքակազմ:
Մինչ այդ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով օրուան ընթացքին յայտարարեց, որ Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի մասնակցութեամբ Արցախի հարցով եռակողմ հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ, սակայն անոր համար անհրաժեշտ է կողմերուն համաձայնութիւնը։
«Հանդիպման համար պէտք է համախոհութիւն, որպէսզի բոլոր անոնք, որոնք կը պատրաստուին հանդիպում ունենալու, համաձայնին։ Վստահ եմ, որ նման հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ», շեշտեց ռուսական դիւանագիտութեան ղեկավարը:
Հայ-ատրպէյճանական տագնապին անդրադարձաւ նաեւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տըրիան՝ դիտել տալով, որ Փարիզն ու Մոսկուան պէտք է համագործակցին` հակամարտութեան կարգաւորման հիմնաքարերը դնելու համար:
«Կարգ մը հարցերու գծով մենք տարակարծութիւններ ունինք, բայց կան նաեւ կէտեր, որոնց ուղղութեամբ կարելի է ռուսերուն հետ համակարգուած աշխատանք տանիլ, կամ, առնուազն` կարծիքներ փոխանակել` յառաջ ընթանալու համար», «Լը Մոնտ» թերթին ըսաւ Լը Տըրիան: Այդ ծիրին մէջ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը առանձնացուց նաեւ Կովկասը՝ պնդելով, թէ անհրաժեշտ է համագործակցիլ: «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն խաղաղութեան համար երկխօսութիւնը կարեւոր է, յատկապէս ճգնաժամերու ատեն», շեշտեց ան։
Նշենք, որ նախորդ շաբաթ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարը եւ արտաքին գործոց նախարարը այցելեցին Փարիզ` ֆրանսական կողմին հետ բանակցութիւններ վարելու` «2+2» ձեւաչափով:
If meeting takes place in Brussels, will be a FIRST outside Kremlin
closed, imposed, “Engineered DOORS”. Witnessing recent HOPEFUL ,
Worldwide, National Recognition of PROGRESSING DANGER FOR
ARMENIA DESTRUCTION, PLAYED BY MAIN TRIO, WITH OBVIOUS
INSIDER, ORGANIZED TRAITORS, SPIES, 5th COLON SABOTEURS
ASSISTANCE; EXTENDED ON LANGUAGE, CULTURE,EDUCATION,
MONUMENTS, IMPOSING RUSSIAN LANGUAGE AS OFFICIAL,
DESTRUCTING THOUSANDS YEARS OLD CIVILIZATION, TURNING AS
“THERE’S”; 30 LOST YEARS ALL PARTICIPANTS MUST LEAVE
GOVERNMENT POSTS and will start TO TAKE REALITY :
“HOUYSI, LOUYSI HAYRENIK” DREAM, INTERNATIONAL TRANSIT ROAD
BETWEEN EAST and WEST AS 2000 YEARS AGO