
ՖՐԵԶՆՕ.- Կիրակի, 14 Նոյեմբերի առաւօտեան սկսած, Ֆրեզնոյի Ս. Պօղոս Հայց. Մայր եկեղեցւոյ կամարներուն տակ մէկտեղուած էին հարիւրաւոր հաւատացեալ հայորդիներ, որպէսզի մասնակիցը դառնային օրուան ընթացքին կատարուելիք հոգեզմայլ եւ սուրբ արարողութիւններուն:
Յընթացս Ս. պատարագին՝ ձեռամբ Յովնան արք. Տէրտէրեանի եւ խարտաւիլակութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Եսայի քհնյ. Պետրոսի, տեղի ունեցան դպրական եւ սարկաւագական ձեռնադրութիւններ, ներկայութեամբ՝ անոնց հարազատներուն: Աստուածային օրհնութեամբ եւ շնորհներով լեցուած՝ դպրաց եւ սարկաւագաց ձեռնադրութեան ընթացքին աղօթքներով, սաղմոսներով եւ շարականներու երգեցողութեամբ դպրութեան չորս խոնարհ աստիճաններ շնորհուեցան եկեղեցւոյ Ս խորանի սպասաւորողներ Գեղարդ Պետրոսին եւ Նազար Իսկէնեանին:
Այնուհետեւ սարկաւագութեան ընծայեալ՝ Տիգրան կիսասարկաւագ Իսկէնեան՝ ծնկաչոք խորան բարձրացաւ եւ առաջնորդ սրբազան հօր օրհնութիւնը ստանալէ ետք՝ անոր տրուեցաւ վերաբերում կատարելու եւ Աւետարան ընթերցելու իրաւունք: Սարկաւագութեան պաշտօնը ստանալով, նորոգ ձեռնադրեալը ուրարը փոխադրեց իր ուսին:
Տիգրան սարկաւագը երկար տարիներ նուիրեալ եւ անխոնջ կերպով կը ծառայէ Հայց. առաքելական մեր Ս. եկեղեցւոյ, իր ուսերուն վրայ ամուր պահելով եկեղեցւոյ առաքելութեան քաղցր լուծը:
Սուրբ խորանին կը սպասաւորէին Վարուժան սրկ. Ալթըպարմաքեան, Սթիւ սրկ. Ատամս, Պարլօ սրկ. Տէր Մկրտիչեան, Յակոբ սրկ. Իսկէնեան եւ ուրիշներ:
Արարողութեան աւարտէն ետք, առաջնորդ սրբազան հայրը իր շնորհաւորական բարեմաղթութիւնը փոխանցեց նոր ձեռնադրուած դպիրներուն եւ սարկաւագին՝ նշելով, որ այս սրբազնասուրբ խորհուրդի եւ ձեռնադրութեան միջոցաւ կարեւոր կոչումի մը արժանացան անոնք, որ է առաւել ջանասիրութեամբ եւ նուիրումով ծառայել եկեղեցւոյ եւ մեր ժողովուրդին:
Այնուհետեւ սրբազան հայրը՝ Ղուկ. 9: 44-50-ի բնաբանին համաձայն, օրուան աւետարանական պատգամը տուաւ հաւատացեալներուն, ինչպէս նաեւ կոչ ըրաւ իւրաքանչիւրին նորոգելու իր կոչումը եւ յանձնառու ըլլալու եկեղեցւոյ սուրբ առաքելութեան:
Պատարագի աւարտին, բոլոր ներկաները թափօրով միասնաբար ուղղուեցան դէպի եկեղեցւոյ կից սրահը, ուր տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ ի պատիւ առաջնորդ սրբազան հօր:
Յընթացս ճաշկերոյթի, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, ի գնահատանք երկարամեայ, անխոնջ եւ նուիրեալ ծառայութեան՝ «Արքեպիսկոպոսին Մրցանակ» պատուոյ շքանշանով պատուեց Պարլօ սրկ. Տէր Մկրտիչեանը եւ Սթիւ սրկ. Ատամսը:
Յայտագիրը վերջ գտաւ առաջնորդ սրբազան հօր եզրափակիչ օրհնութեան խօսքով եւ աղօթքով:
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ