ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Թուրքիոյ մէջ օրէ օր խորացող տնտեսական ճգնաժամը, լիրայի մրցանշային անկումը եւ գիներու սրընթաց աճը պատճառ դարձաւ, որ հազարաւոր քաղաքացիներ փողոց իջնեն՝ պահանջելով Էրտողանի կառավարութեան հրաժարականը:
Մարդաշատ ցոյցեր տեղի ունեցան Թուրքիոյ մեծագոյն քաղաքներուն՝ Անգարայի, Պոլսոյ, Իզմիրի եւ այլ շրջաններու մէջ: Բողոքի ցոյցերուն միացան նաեւ մեծաթիւ երիտասարդներ եւ համալսարանականներ:
Թաքսիմի հրապարակի մերձակայքը եւ քաղաքի կեդրոնական շարք մը թաղամասերու մէջ ցուցարարները կաթսաներով ու դգալներով իրենց բողոքի ձայն բարձրացուցին իշխանութեան վարած տնտեսական քաղաքականութեան դէմ: Շատերը իրենց տուներու պատուհաններէն եւ պատշգամներէն միացան, ուրիշներ՝ պաստառներ բարձրացուցած, հաւաքուեցան Կեդրոնական դրամատան Պոլսոյ մասնաշէնքին մօտ եւ իշխանութիւնները մեղադրեցին երկիրը սնանկացնելու համար:

Տնտեսական անկման լոյսին տակ թրքական ընդդիմութիւնը կոչ ուղղեց արտահերթ ընտրութիւն կատարել: Էրտողան, սակայն, 23 Նոյեմբերին հակադարձեց՝ շեշտելով, որ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան ըստ ժամանակացոյցի՝ 2023 թուականի Յունիսին:
Այնուհանդերձ, թրքական մամուլը կը գրէ, թէ տնտեսական ճգնաժամին զուգընթաց նախագահին եւ անոր վարչակարգին հեղինակութեան անկումը ընդդիմութեան համար լաւ կարելիութիւն է համախմբուելու եւ Էրտողանի 20ամեայ իշխանութեան ձեռնոց նետելու: