
ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԷՏԵՐԸ ՊԻՏԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԻՆ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՇԱԲԱԹ
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 26 Նոյեմբերին, Սոչիի մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը, որ տեւեց առաւել քան երեք ժամ։
Փութին, հանդիպումին բացումը կատարելով՝ յայտնեց, որ անհրաժեշտ է ձգտիլ երեք երկիրներու կապերու ամրապնդման: «Մենք հարիւրամեակներու ընթացքին մէկ պետութեան կազմի մէջ եղած ենք, ունինք շատ խոր պատմական կապեր, եւ պէտք չէ անոնք քայքայուին, ընդհակառակը, պէտք է ամէն ինչ ընել, որ անոնք վերականգնին եւ ապագային պահպանուին», ըսաւ ան։
Ռուսիոյ ղեկավարը ողջունեց Արեւելեան գործընկերութեան ծիրին մէջ, 15 Դեկտեմբերին Պրիւքսէլի մէջ Փաշինեանի եւ Ալիեւի միջեւ տեղի ունենալիք հանդիպումին հանգամանքը՝ նշելով, թէ որքան շատ ըլլան ուղղակի հանդիպումները, այդքան լաւ։
Ան յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ յառաջիկային կարելի պիտի ըլլայ տալ որոշումներ՝ երթեւեկի հաղորդակցութեան միջոցներու ապաշրջափակման վերաբերեալ: «Հիմքեր կան ենթադրելու, որ մօտիկ ապագային մենք պիտի կարենանք ոչ միայն հաստատել ապաշրջափակումով զբաղող համապատասխան խումբի աշխատանքը, այլ նաեւ տալ բոլորին համար անհրաժեշտ որոշումներ», նշեց Փութին: Ան չյստակացուց, թէ ի՛նչ փաստաթուղթերու կամ համաձայնութիւններու մասին է խօսքը, միայն ըսաւ, որ, հակառակ դժուարութիւններուն, աշխատանքային խումբը կրցած է յառաջընթաց արձանագրել։
«Ընդհանուր ջանքերուն նպատակն է պայմաններ ստեղծել՝ տարածաշրջանի վերածնման համար, որպէսզի մարդիկ ապահով զգան եւ կարենան բնական գործունէութեամբ զբաղիլ եւ տնտեսութիւն զարգացնել», ըսաւ Ռուսիոյ նախագահը:
Ան ափսոսանք յայտնեց, որ Արցախի մէջ տակաւին միջադէպեր կը պատահին, եւ մարդիկ կը զոհուին՝ շեշտելով, որ պէտք է քննարկուի կատարուածը եւ կատարուելիքը, որպէսզի կարելի ըլլայ նման դէպքերու առաջքը առնել։ Անդրադառնալով խաղաղութեան գործընթացին՝ ան գնահատանքով խօսեցաւ տարածաշրջանին մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահներու առաքելութեան մասին:
Փաշինեան իր կարգին դիտել տուաւ, որ, հակառակ 9 Նոյեմբեր 2020ի զինադադարէն ետք տեղակայուած ռուս խաղաղապահներուն եւ Ռուսիոյ ջանքերուն, իրավիճակը այնքան կայուն չէ, որքան փափաքելի է: Ան յիշեցուց, որ այդ թուականէն ետք երկու կողմերէն տասնեակ զոհեր արձանագրուած են, դէպքեր պատահած են Արցախի հակամարտութեան գօտիին մէջ, իսկ 12 Մայիս 2021էն ի վեր ճգնաժամային իրավիճակ է հայ-ատրպէյճանական սահմանին` Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը ատրպէյճանական զօրքերու ներխուժումէն ետք:
Ան դիտել տուաւ, թէ համաձայն չէ Ատրպէյճանի նախագահին այն ձեւակերպման, որ 9 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ յայտարարութեան բոլոր կէտերը, բացառութեամբ տարածաշրջանի ապաշրջափակումէն, կատարուած են:
Դիմելով Ռուսիոյ նախագահին՝ Փաշինեան յիշեցուց, որ իրենք անձնական հանդիպումներու եւ հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին բազմաթիւ անգամներ քննարկած են Պաքուի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու եւ այլ պահուող անձանց հարցը: Վարչապետը շեշտեց, որ անիկա շատ կարեւոր մարդասիրական հարց է:
«Բայց ես ուզում եմ ասել, որ մենք այսօր հաւաքուել են ոչ թէ որպէսզի միայն բարձրաձայնենք խնդիրները, այլեւ քննարկենք դրանց լուծման հարցը: Ես նոյնպէս բազմիցս յայտարարել եմ, որ Հայաստանը պատրաստ է սկսել սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացը: Ապաշրջափակման եւ տրանսպորտային ու տնտեսական կապերի բացման թեման նոյնպէս շատ կարեւոր է մեզ համար, եւ մենք անկեղծօրէն շահագրգռուած ենք լուծելու այդ հարցերը», աւելցուց Փաշինեան։
Ատրպէյճանի նախագահը եւս անդրադարձաւ Ռուսիոյ նախագահին եւ ռուս խաղաղապահներուն դերակատարութեան՝ ըսելով. «Ռուս խաղաղապահներու տեղակայումէն ի վեր անոնց պատասխանատուութեան գօտիին մէջ լուրջ առճակատում եւ զինուած ընդհարումներ չեն եղած, տեղի ունեցած են առանձին միջադէպեր, զորս կարելի չէ համակարգային ճգնաժամ որակել»։

Ալիեւ դիտել տուաւ, որ իր երկիրը առաւել քան հարիւր գերի վերադարձուցած է հայկական կողմին. «Ատրպէյճան մնայուն կերպով հանդէս կու գայ մարդասիրութեան գերակայութեան սկզբունքէն, եւ մենք մտադիր ենք շարունակել աշխատանքը այդ ուղղութեամբ»:
Աւելի՛ն, Ալիեւ պնդեց, որ Պաքու այժմ հայկական կողմին մօտ համագործակցութեան ուղղուած դրական միտումներ կը նկատէ: «Հայկական կողմէն կը տեսնենք մտադրութիւն`ստեղծելու նախադրեալներ, որպէսզի իրավիճակը տարածաշրջանին մէջ ըլլայ առաւել կանխատեսելի: Ես բազմաթիւ անգամներ ըսած եմ, որ մենք Ատրպէյճանի մէջ նպատակադրուած ենք փակել Հայաստանի հետ բազմամեայ հակամարտութեան էջը, սկսիլ բնական փոխգործակցութեան փուլ եւ, կը կարծեմ, թէ այս ձեւաչափով մենք կը հասնինք մեր նպատակներուն», նշեց Ալիեւ։
Նշենք, որ եռակողմ հանդիպումէն առաջ տեղի ունեցած կայացած է Փութին-Ալիեւ առանձին տեսակցութիւն, իսկ անոր աւարտէն ետք՝ Փաշինեան-Փութին։
Տեսակցութեան աւարտէն ետք տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Փութին յայտարարեց, որ Փաշինեանի, իր եւ Ալիեւի միջեւ գոյացան համաձայնութիւններ, որոնց մասին պիտի յայտարարեն երեք երկիրներու փոխվարչապետները` յաջորդ շաբաթ Մոսկուայի մէջ ունենալիք իրենց հանդիպումին ընթացքին։
Փութին նշեց, որ բանակցութիւնները տեղի ունեցան կառուցողական մթնոլորտի մէջ: «Մենք շատ մանրամասն կերպով խօսեցանք տնտեսական միջանցքներուն, նախ` երկաթուղային եւ մայրուղիներու ապաշրջափակման մասին», ըսաւ ան:
Փաշինեան եւս գոհունակութիւն յայտնեց հանդիպման արդիւնքներէն: «Մենք քննարկեցինք օրակարգի բոլոր հարցերը: Սա հանդիպում էր ոչ թէ հարցերը թաքցնելու, այլ` դրանք բաց քննարկելու համար: Շատ դրական է, որ մի շարք հարցերի շուրջ յստակեցրեցինք դիրքորոշումները, եւ պարզուեց, որ որոշ հարցերի շուրջ չկան թիւրընթերցումներ, ինչպէս թւում էր մինչ այդ», ըսաւ Փաշինեան:
Ալիեւ յայտարարեց, թէ անկեղծ եւ շատ մանրազնին քննարկում կատարուեցաւ «հաղորդակցութեան երակներու ապաշրջափակման շուրջ»: «Մենք բացէ ի բաց քննարկեցինք մեր ծրագիրները, քննարկեցինք երկու կողմերուն մօտ անհանգստութիւն պատճառող հարցերը: Կարեւորը այն է, որ մեր տուած որոշումները՝ տարակարծութիւններու եւ վէճերու կարգաւորման վերաբերող, պիտի նպաստեն, որ իրավիճակը Հարաւային Կովկասին մէջ դառնայ առաւել անվտանգ ու կանխատեսելի», յայտնեց Ալիեւ:
Բացի այդ, կողմերը, ըստ Ռուսիոյ նախագահին, համաձայնեցան նաեւ մինչեւ այս տարուան վերջը յառաջացնել գործիքակազմեր` հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանագծման համար: «Յոյս ունիմ, որ անիկա տեղի պիտի ունենայ կարելի եղածին չափ արագ», ըսաւ Փութին։ Ան դիտել տուաւ, որ կողմերը յաջողեցան նաեւ յառաջընթաց արձանագրել մարդասիրական հարցերու լուծման ուղղութեամբ: Մանրամասներութիւններ չնշուեցան։
Usual pro forma declarations, usual secrecy, IF P. M. SOLD LAST
assets or not, or SIGNED AGREEMENT UNDER MOSCOW TREATY
*CONCLUSION*, REACHING END. In a country under KGB control
from Air port to every single village by their agents, UNIQUE IN
ALL SOVIET EX REPUBLICS, occupied by Russia by their elected
“Kommisars”, under National Flag as folding screen and INSULT.
This Horrible situation must be changed, Diaspora starts moving,
big powers NOW convinced South Caucasus IMPORTANCE FOR
THEIR INTEREST, ARMENIA IS VERY IMPORTANT STRATEGIC LAND
TO NOT BE USED, IGNORED; SOON WE CAN HOPE POSITIVE CHANGES,
IT IS NOT POSSIBLE TO KEEP ONE OF THE OLDEST NATION,
PERMANENT OCCUPIED AS *SLAVE* , BE SACRIFICED and KILLED AS
WILL ANY TIME !!!