ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- Երեքշաբթի, 23 Նոյեմբերի երեկոյեան, կազմակերպութեամբ «Արեւելքի քրիստոնեաներու, Միջին Արեւելքի փոքրամասնութիւններու եւ Քիւրտերու զօրակցութեան, կապի, խորհրդածութեան եւ զգօնութեան խումբ»ին եւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, հովանաւորութեամբ Ծերակոյտի նախագահ Ժերար Լարշէի, Լիւքսեմպուրկի պալատի «Մետիչի» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստան՝ պատերազմէն տարի մը ետք» նիւթով գիտաժողովը, նշելու համար Ծերակոյտին կողմէ՝ Արցախի ճանաչման անհրաժեշտութիւնը նշող բանաձեւին ընդունման տարեդարձը:
Այս բացառիկ նախաձեռնութեան, ի շարս բազմաթիւ անձնաւորութիւններու, ներկայ էին նաեւ հիւրաբար Ֆրանսա այցելող Կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս-պատրիարք Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ.ն, որուն կ՛ընկերանային Կաթողիկէ հայոց Ֆրանսայի առաջնորդ Եղիա արք. Եղիայեան եւ իրենց շքախումբերը, աշխատանքային այցելութեամբ Փարիզ գտնուող Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան, դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան եւ Ֆրանսայի մէջ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան:
Երեկոյթին բացման առաջին խօսքը արտասանեց Ժ. Լարշէ՝ ընդգծելով. «Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ բանաձեւը ընդունելէն տարի մը ետք անհրաժեշտ էր, որ Ծերակոյտը վերահաստատէր իր զօրակցութիւնը Հայաստանին: Ալէն Սիմոնեանի հետ ա՛յդ ըրինք՝ կազմակերպելով սոյն գիտաժողովը: Որովհետեւ անոր երկիրը ենթակայ է նոր պատերազմի մը քմահաճութեան, մեր յանձնառութիւնը կը ստանայ ամբողջական իմաստ»:
Ապա խօսք առաւ Ալէն Սիմոնեան, որ շնորհակալութիւն յայտնելէ եւ ընդգծելէ ետք Ֆրանսայի ցուցաբերած զօրակցութեան կարեւորութիւնը՝ հակիրճ ներկայացում մը կատարեց ստեղծուած իրավիճակին մասին: Նախքան նախատեսուած երկու կլոր սեղանները, վերջին խօսք առնողը եղաւ Յովհաննէս Գէորգեան, որ ներկայացուց յատկապէս 44օրեայ պատերազմին՝ թուրքեւատրպէյճանական յարձակումին ընթացքին գործուած պատերազմական ոճիրները եւ անոնց յաջորդած արհաւիրքը:
Այնուհետեւ տեղի ունեցան օրուան բնաբանին շուրջ երկու կլոր սեղաններ, ատենավարութեամբ ծանօթ լրագրող Քրիսթիան Մակարեանի:
«Վկաները կը պատմեն» բնաբանով առաջին կլոր սեղանին մասնակցեցան գրող Սիլվէն Թեսոն, փիլիսոփայ Միշէլ Օնֆրէ, Արեւելքի քրիստոնեաներու զօրակցութեան Oeuvre d՚Orient կազմակերպութեան ընդհ. տնօրէն Փասքալ արք. Կոլնիշ, «Ֆիկարօ Մակազին»ի համախմբագրապետ Ժան-Քրիսթոֆ Պիւիսոն:
«Ինչպիսի՞ դեր մը Ֆրանսայի համար» բնաբանով երկրորդ կլոր սեղանին մասնակցեցան ծերակուտականներ Քրիսթիան Քամպոն, Վալերի Պուայէ, Հերվէ Մարսէյ եւ երեսփոխան ու Ֆրանսա-Արցախ Բարեկամութեան շրջանակի նախագահ Ֆրանսուա Փիւփոնի:
Եզրափակիչ խօսքեր արտասանեցին դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեան, ծերակուտական Պրիւնօ Ռըթայօ:
Թաւջութակահարուհի Աստղիկ Սիրանոսեան ապահովեց երեկոյթին գեղարուեստական բաժինը:
«Հայաստան՝ պատերազմէն տարի մը ետք» գիտաժողովը եզակի էր իր յղացումով, մասնակցողներու արտայայատութեան ազատութեամբ եւ բարձր որակով: Երկու կլոր սեղանները ունէին իրենց իւրայատկութիւնները: Առաջինը, վկաներու բացառիկ խոր զգացումներու, ապրումներու եւ գաղափարախօսական տեսութիւններու փոխկապակցութեան երեւոյթը կը պարզէր, իսկ երկրորդը՝ բոլոր հոսանքներէ քաղաքական գործիչներու, ըլլա՛ն անոնք ծերակուտականներ, թէ երեսփոխաններ, համակարծիք դիրքորոշումներու արտայայտութիւնը եղաւ. բացի Ծերակոյտի Ռազմական գործերու յանձնաժողովի անդամ Քրիսթիան Քամպոնէն, գրեթէ բոլորն ալ կը պահանջէին, որ Ֆրանսա խօսքէն անցնի գործի: