ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Ազգային ժողովի Հայաստան-Յունաստան բարեկամական խումբի անդամներ Վլադիմիր Վարդանեան, Արուսեակ Ջուլհակեան եւ Ազգային ժողովի Եւրոպական համարկման հարցերու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Արման Եղոյեան 29 Նոյեմբերին հանդիպում ունեցան Յունաստանի խորհրդարանի Յունաստան-Հայաստան բարեկամական խումբի նախագահ Տիմիթրիոս Մարքոփուլոսի եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութեան անդամներուն հետ:
Ողջունելով հիւրերը՝ հայ խորհրդարանականները բարձր գնահատեցին հայ-յունական յարաբերութիւնները, կարեւոր սեպեցին երկու խորհրդարաններու փոխգործակցութեան հետագայ զարգացումը, բարեկամական խումբերու սերտ աշխատանքը: Միջխորհրդարանական համագործակցութեան ամրապնդման առումով կարեւոր նկատուեցաւ միջազգային խորհրդարանական կառոյցներուն մէջ համատեղ աշխատանքը:
Զրուցակիցները արժեւորեցին խորհրդարաններու վերահսկողական եւ ներկայացուցչական գործառոյթներու իրականացումը: Անոնք խօսեցան հայ եւ յոյն ժողովուրդներու՝ դարերու պատմութիւն ունեցող բարեկամութեան եւ ընդհանուր մարտահրաւէրներու մասին:
Անդրադարձ կատարուեցաւ յետ-պատերազմեան իրադրութեան, շեշտը դրուեցաւ տարածաշրջանին մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան հաստատման վրայ:
Պատգամաւորները նաեւ ընդգծեցին տնտեսութեան եւ զբօսաշրջութեան ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան զարգացման անհրաժեշտութիւնը: