ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- 1 Դեկտեմբեր 2021ի դրութեամբ՝ Սեւանայ լիճը կը գտնուի ծովու մակերեսէն 1900 մեթր 46 սանթիմեթր բարձրութեան վրայ:Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան «Հայհիդրոմետ» ծառայութենէն յայտնեցին, որ արձանագրուած թիւը 8 սանթիմեթրով պակաս է նախորդ տարուան Դեկտեմբերի առաջին օրուան ցուցանիշէն: Ըստ նոյն աղբիւրին՝ այս տարի ոռոգման նպատակներով Սեւանայ լիճէն բաց ձգուած ջուրի քանակը կը հասնի 227 միլիոն 651 հազար խորանարդ մեթրի:
Տարուան ընթացքին Արփա-Սեւան փապուղի ջրատարով, ներառեալ ստորերկրեայ հոսքը, Սեւանայ լիճ տեղափոխուած է 151 միլիոն 480 հազար խորանարդ մեթր ջուր: