
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Միացեալ Նահանգներու Կրօնական ազատութիւններու միջազգային յանձնաժողովին պատրաստած նորագոյն զեկուցումին մէջ, Թուրքիա դարձեալ կը մեղադրուի կրօնական փոքրամասնութիւններու շուրջ թշնամական քաղաքական միջավայր ստեղծելու յանցանքով:
Զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը հանդուրժէ երկրի իսլամ եւ ոչ-իսլամ կրօնական փոքրամասնութիւններու դէմ ուղղուած ատելութեան խօսքը եւ բռնութեան արարքները, ընդգծելով, որ յատկապէս հայ համայնքը ահաբեկման ենթարկելու նոր ձեւեր ի յայտ եկած են վերջերս:
Կը շեշտուի, որ հայկական կրօնական ժառանգութիւնը վտանգի տակ է եւ թէ կառավարութիւնը շարունակաբար կը միջամտէ կրօնական փոքրամասնութիւններու ներքին գործերուն:
«2013էն ի վեր, Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը խոչընդոտէ կրօնական փոքրամասնութիւններու հիմնադրութիւններու խորհուրդներու նոր անդամներու ընտրութեան գործընթացը: Այդ գործելաոճը աստիճանաբար կը նուազեցնէ խորհուրդի անդամներու թիւը՝ մահուան եւ հիւանդութեան պատճառով, անոնց առօրեայ աշխատանքները կը դժուարացնէ, ինչպէս նաեւ կը վնասէ կարգ մը համայնքներու, ինչպէս օրինակ՝ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ: Բացի այդ, համաճարակը եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պատերազմը նպաստած են հակահայկական դաւադրութիւններու աճին եւ բողոքի ցոյցերու», կ՛ըսուի զեկոյցին մէջ:
Անոր մէջ նաեւ կը նշուի, որ ընդդիմադիր խորհրդարանական Կարօ Փայլան սպառնալիքներու թիրախ կը մնայ, պարզապէս հայ ըլլալուն համար, կ՛ընդգծուին հակասեմականութեան աճը եւ ալաուի համայնքին նկատմամբ կիրառուող սահմանափակումները: