Թրքական իշխանութիւնները հրապարակաւ կը խոստովանին, որ երկրի ազգային ապահովութեան թեւը լուրջ մասնակցութիւն ունեցած է 44օրեայ պատերազմին՝ աջակցելով ատրպէյճանական զինեալ ուժերուն:
Թուրքիոյ փոխնախագահ Ֆուատ Օքթայ խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած յաջորդ տարուան ամավարկի նախագիծի քննարկումին ընթացքին, ամփոփելով տարբեր գերատեսչութիւններու նախորդ տարուան աշխատանքը՝ յայտարարեց, որ Թուրքիոյ ազգային հետախուզութեան կազմակերպութիւնը կարեւոր դեր ունեցած է 44օրեայ պատերազմին: Գովելով հետախուզական եւ պաշտպանական ուժերու երկրէն ներս եւ դուրս կատարած ծառայութիւնը՝ Օքթայ յայտարարեց, թէ Սուրիոյ, Լիպիոյ, Արցախի եւ Աֆղանիստանի մէջ կազմակերպութիւնը «պատմական կարեւորութիւն ունեցող գործողութիւններ» իրականացուցած է:
«Մեր սահմաններէն ներս եւ սահմաններուն այն կողմը պատմութեան ամէնէն յաջող գործողութիւնները իրականացնելով՝ տարածաշրջանին մէջ ձեռքբերումերուն մաս կազմած ենք՝ Լիպիոյ յեղափոխականներուն դէմ մղուած պայքարէն մինչեւ Ղարաբաղի յաղթանակը», ըսաւ Օքթայ:
Անցեալ տարուան պատերազմի առաջին իսկ օրերէն Թուրքիա նախագահի մակարդակով յայտարարեց Ատրպէյճանի կողքին կանգնելու մասին՝ անթաքոյց աջակցութիւն ցուցաբերելով «եղբայր» երկիրին: Այնուհանդերձ, ռազմական գործողութիւններուն թրքական հետախուզական ուժերու մասնակցութեան մասին պաշտօնապէս որեւէ յայտարարութիւն չէր կատարուած: Ընդհակառակը, պատերազմին ընթացքին Անգարա հերքած էր պնդումերը ռազմական գործողութիւններուն մէջ այս կառոյցի դերակատարութեան մասին: Թուրքիոյ ազգային հետախուզութեան կազմակերպութիւնը մասնաւորապէս կը մեղադրուի սուրիացի վարձկան ահաբեկիչներ Արցախ տեղափոխելուն մէջ:
Այս մասին խօսած էր նաեւ Ռուսիոյ արտաքին հետախուզական ծառայութեան տնօրէն Սերկէյ Նարիշքի՝ յայտարարելով, թէ ռուսական կողմը տեղեակ է թրքական հետախուզութեան աշխատանքէն եւ յատկապէս ահաբեկիչներու տեղակայումէն:
Nordic Monitor թերթը գրած է, թէ հայկական Սփիւռքի կառոյցները հետեւողական աշխատանք կը տանին Արցախի մէջ հակահայ գործունէութիւն ծաւալած գործակալները յայտնաբերելու եւ պատերազմական յանցագործութիւններու համար միջազգային դատարաններուն առջեւ պատասխանատուութեան ենթարկելու ուղղութեամբ:
Մինչ այդ, Թուրքիոյ ազգային հետախուզութեան կազմակերպութեան 2022ի գործունէութեան համար շուրջ 255 միլիոն տոլար յատկացուած է: