ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան»․- Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը այս տարուան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու (ՏԻՄ) ընտրութիւններուն մասին հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի հետեւեալը. «Բարձր կը գնահատենք հայ ժողովուրդին մասնակցութիւնը 17 Հոկտեմբերին, 14 Նոյեմբեր ին եւ 5 Դեկտեմբերին տեղի ունեցախ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն։ Գնահատանքի արժանի է նաեւ ժողովրդավարական ուղիին հետեւելու հայ ժողովուրդին ցուցաբերած շարունակական նուիրուածութիւնը։ Դեսպանատան ոչ-մեծ թիւով աշխատակիցներ դիտարկեցին ընտրութիւնները՝ իբրեւ այցելուներ։ Ուրախ ենք արձանագրելու, որ ընտրութիւնները ընդհանուր առմամբ անցան հանգիստ, խաղաղ մթնոլորտի մէջ եւ անոնք լաւ կազմակերպուած էին։ Արդիւնքներու բազմազանութիւնը ընդգծեց ընտրութիւններու մրցակցային բնոյթը, Հայաստանի ժողովրդավարութեան տոկունութիւնը եւ տարիներու ընթացքին Հայաստանի գրանցած զգալի յառաջընթացը։ Մեզի նաեւ հասած են ընդդիմադիր թեկնածուներու նկատմամբ ճնշումներու մասին հաղորդումներ։ Կը խրախուսենք իշխանութիւնները՝ հետաքննելու չարաշահումներու վերաբերեալ մեղադրանքները։ Մինչ մենք կ՛աշխատինք կատարելագործելու մեր իսկ ժողովրդավարութիւնը, կ՛ողջունենք Հայաստանի Հանրապետութեան հաւատարմութիւնը ժողովրդավարական բարեփոխումներու օրակարգը եւ կ՛ակնկալենք ամրապնդել մեր երկկողմ կապերը՝ հիմնուած ընդհանուր ժողովրդավարական արժէքներու վրայ»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.