Այս տարուան 10 Դեկտեմբերին 30ամեակն է Արցախի անկախութեան հանրաքուէին, որ կատարուեցաւ Խորհրդային Միութենէն անկախութիւն հռչակելու Արցախի որոշումէն մօտաւորապէս երեք ամիս ետք, ապահովելով քուէարկողներու 99․89 տոկոսին աջակցութիւնը։
Այսպիսով, եօթը տասնամեակներու խորհրդային լուծէն ետք, Արցախի ժողովուրդը իր ազատ կամքը արտայայտեց՝ դէմ դնելով համայնավար վարդապետութեան եւ պարտադրանքներուն, ինքնորոշման իր տարրական իրաւունքը ստանձնելով։
Ինքնորոշման գաղափարը Արցախի տագնապի միջնորդական ջանքերուն գլխաւոր կէտերէն մէկն է եւ անկէ կախեալ կը մնայ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի միջնորդական առաքելութեան նորագոյն ջանքը։
Արցախի վրայ անցեալ տարուան վայրագ յարձակումէն ետք, Ատրպէյճան եւ Թուրքիա յառաջ կը մղեն այն թէզը, թէ Արցախը չի կրնար գոյութիւն ունենալ իբրեւ անկախ հանրապետութիւն։ Այդ նախայարձակ երկիրները այժմ միլիոնաւոր տոլարներ կը ծախսեն Արցախէն բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ ենթակառոյցները բարեկարգելու, նոր ճամբաներ եւ օդակայաններ կառուցելով, մինչ նաեւ կը ջնջեն Արցախի հայկական մշակոյթի եւ ինքնութեան փաստերը։
Յատկապէս այս պարունակին մէջ, առնուազն արտառոց էր վարչապետ Փաշինեանի կողմէ Չորեքշաբթի օր խորհրդարանին մէջ կատարուած այն յայտարարութիւնը, թէ Արցախի վերջնական իրավիճակը որոշելու ընթացքին անկախութիւնը կրնայ ընտրանք մը չըլլալ։
«Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակը անպայմանօրէն չի նշանակում նրա անկախութիւնը», յայտնեց ան՝ աւելցնելով, որ այս անկախութեան հարցը չի քննուիր յետ-պատերազմեան բանակցութիւններուն ընթացքին։
Բանակցութեան ընթացքին ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ Արցախի իրաւունքները պաշտպանելու պարտականութիւն ունեցող ղեկավարէն եկող այս յայտարարութիւնը յոյժ վտանգաւոր է։ Ամօթալի պարտութեան պատասխանատուութենէն խուսափելու իր արտառոց ջանքին զոհ կարելի չէ դարձնել ժողովուրդի կամքը, որ այդքան յստակօրէն արտայայտուած էր 10 Դեկտեմբեր 1991ին։
Եթէ Փաշինեան եւ անոր կառավարութիւնը արդէն իսկ հրաժարած են Արցախի անկախութիւնը ամրագրելու պայքարէն, Արցախի ժողովուրդը եւ համայն հայութիւնը պէտք է շարունակէ միասնաբար պայքարիլ, ամէն գնով պաշտպանելու համար Արցախի ժողովուրդի կամքը։
Իրականութիւն կը մնայ այն, որ 10 Դեկտեմբեր 1991ին կատարուած հանրաքուէին ընթացքին ժողովուրդին ջախջախիչ մեծամասնութիւնը իր զօրակցութիւն յայտնեց անկախութեան եւ կարելի չէ այդ անկախութիւնը խլել անոնցմէ, յատկապէս երբ մեր քոյրերն ու եղբայրները արիւն թափած են անկախութիւնը պահպանելու համար։
Անցեալ տարուան պատերազմը կասեցուցած եւ Ատրպէյճանին տարածքներ յանձնած 9 Նոյեմբերի համաձայնութիւնը պէտք չէ առաջնորդէ Արցախի անկախութեան կորուստին։ Պաքուի ու Անգարայի կողմէ առաջադրուած՝ 3+3ի նման ձեւաչափով բանակցութեան մասնակցիլը ուղղակի վտանգ կը սպառնայ Արցախի անկախութեան։
Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոպան կը շեշտեն, թէ Արցախի վերջնական կարգավիճակը տակաւին չէ որոշուած, յստակօրէն ընդդիմանալով Պաքուի եւ Անգարայի դիրքին, սակայն Մոսկուա կը մերժէ իր դիրքը յստակօրէն բացայայտել ու միայն մասնակիօրէն կը զօրակցի Մինսքի խմբակի միջնորդական ջանքերուն։
Եթէ Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոպան արտօնեն, որ ժողովուրդի ինքնորոշման եւ Արցախի անկախութեան իրաւունքը անտեսուին, ապա դաւաճանած պիտի ըլլան ժողովրդավարական սկզբունքները յարգելու իրենց կողմէ յաճախ շեփորահարուող կեցուածքին։ Այս հաստատումը պէտք է հայութեան կողմէ բարձրաձայն փոխանցուի ամերիկացի եւ եւրոպայի քաղաքական գործիչներուն եւ պէտք է խթանէ համայն հայութիւնը՝ պահանջելու Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչումը։
Նաեւ, նկատի ունենալով 30 տարի առաջ յստակօրէն արտայայտուած Արցախի ժողովուրդի կարծիքը, անոր կարգավիճակին շուրջ որեւէ վերջնական համաձայնութիւն պէտք է երաշխաւորէ, որ Արցախ դարձեալ չդրուի Ատրպէյճանի լուծին տակ։
Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը պէտք չէ վտանգուի։ Պատեհապաշտ քաղաքական գործիչներու կողմէ իրենց շահերը յառաջ մղելու համար առնուած նման քայլ մը ժողովուրդի կամքը ոտնակոխելու անընդունելի նախադէպ մը պիտի ըլլայ։