ՊԷՅՐՈՒԹ․- «Ազդակ»ի 41րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 6 Դեկտեմբերի երեկոյեան: Դասախօսեց Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային գիտութիւններու ակադեմիոյ Հռաչեայ Աճառեանի անուան հիմնարկի տնօրէն փրոֆ. Վիքթոր Կատուալեան, նիւթ ունենալով «Արեւմտահայերէնը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ. գրական երկու ճիւղերու մերձեցման խնդիրները»:
Դասախօսը նախ պատմական ակնարկ կատարեց` վերլուծելով երկու գրական ճիւղերու կայացման պատճառականութիւնը, շեշտելով միասնական պետութեան երկարատեւ բացակայութեան երեւոյթը:
Ներկայացնելով լեզուի բազմաբարբառային պատկերը` ան բացատրեց բարբառային բաշխումի ուղղութիւնները: Ան դիտել տուաւ, որ այսօր Հայաստանի զանազան մարզերու մէջ կը խօսուին արեւմտահայերէնի 5 բարբառներ: Հանգամանօրէն ընդգծելով արեւմտահայերէնի հզօրութիւնը եւ գերակայութիւնը՝ ան փուլերով խօսեցաւ արեւմտահայ աշխարհաբառի ձեւաւորման գործընթացին մասին: Իբրեւ գործօն` ան յիշեց դպրոցները, լրագրութիւնը, թատրոնը, երգերը եւ օտար լեզուներէ վէպերու թարգմանական աշխատանքը:
Փրոֆ. Կատուալեան բացատրութիւններ տուաւ օրուան գրապայքարի, քերականական համակարգի ստեղծման եւ այդ բոլորին կրած ազդեցութիւններուն մասին:
Ապա ան ներկայացուց գրական լեզուի երկփեղկման հարցերը եւ ամէնէն անուանի լեզուաբաններու մօտեցումները այդ երեւոյթներուն նկատմամբ: Դասախօսը շեշտեց, որ լեզուագէտ հեղինակութիւններու համար (տալով օրինակներ) հարցը մասնիկաւորման չի վերաբերիր, կամ տարբերակային չէ այնքան, որքան` հոգեբանական եւ մտածողական:
Ուղղախօսութեան եւ ուղղագրութեան հարցերը առանցքային մաս էին դասախօսութեան: Այս ծիրին մէջ, փրոֆ. Կատուալեան հաստատեց, որ աբեղեանական ուղղագրութիւնը խեղուած ուղղագրութիւն է եւ թելադրուած ազգի միասնականութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնելու քաղաքական որոշումէ:
Այսօր, ըստ Սահմանադրութեան, հայերէնը պետական լեզու է. կան նաեւ յարակից լեզուի օրէնքներ, որոնք այս իրաւադրոյթը ներառած են: Սակայն հայրենիքի մէջ այսօր արեւմտահայերէնի պահպանման առումով տարուող աշխատանքները անբաւարար են (պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի հաղորդում). զուգահեռ ակադեմական, համալսարանական եւ դպրոցական ծրագիրներու համապատասխան ներառում: Այս պարունակին մէջ դասախօսը կանգ առաւ սփիւռքի նախարարութեան ջանքերով ստեղծուած ԵՊՀի Սփիւռքագիտութեան ամպիոնին, Խաչատուր Աբովեանի անուան մանկավարժական համալսարանի կապուած «Սփիւռք» գիտակրթական հիմնարկին եւ ուսուցիչներու վերապատրաստման զանազան ծրագիրներու վրայ:
Իսկ Սփիւռքի մէջ տարուող աշխատանքներէն ան յիշեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին գլխաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան խորհուրդը, որուն աշխատանքներուն ինք եւս մասնակցած է, եւ որոնք, սակայն, առկախուած են երկրին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն եւ համաճարակին պատճառներով:
Այս բոլոր աշխատանքային գործընթացներուն ներկայացումէն ետք, դասախօսը եզրակացուց՝ ըսելով, որ հարցը ոչ թէ լեզուի երկու գրական ճիւղերու մերձեցման հարց է, այլ 2 համակարգերու միասնութեան:
Մասնագիտական, այդուհանդերձ գիտամատչելիութեամբ յատկանշուած խիստ շահեկան դասախօսութեան հետեւեցաւ քննարկում: