
ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Արմէնփրէս».- Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել Պրիւքսէլի մէջ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ 14 Դեկտեմբերին տեղի ունեցած քանի մը ժամնոց հանդիպումին արդիւնքներուն մասին հրապարակեց յայտարարութիւն մը եւ տուաւ մամլոյ ասուլիս՝ քննարկումները նկատելով նշանակալից:
Շ․ Միշել յայտնեց Եւրամիութեան պատրաստակամութիւնը` սերտօրէն աշխատելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ` հարցերը յաղթահարելու, համագործակցութեան եւ վստահութեան մթնոլորտ ստեղծելու ուղղութեամբ` տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման նպատակով, որ վերջապէս կը հաստատուի խաղաղութիւն՝ համապարփակ համաձայնագիրի վրայ:
Ան նշեց, որ հանդիպման ընթացքին բոլոր կողմերը կիսեցին այն մօտեցումը, թէ պէտք է կառուցել անվտանգ, կայուն եւ բարգաւաճ Հարաւային Կովկաս` ի շահ տարածաշրջանին մէջ ապրող ժողովուրդներուն:
«Վարչապետ Փաշինեան եւ նախագահ Ալիեւ վերահաստատեցին, որ 9 Նոյեմբեր 2020ի եւ 11 Յունուար 2021ի երկու եռակողմ (Հայաստան, Ռուսիա եւ Ատրպէյճան) յայտարարութիւններու ծիրին մէջ ստանձնած առանցքային պարտաւորութիւնները պէտք է յարգուին, եւ ամրապնդուին 26 Նոյեմբեր 2021ին Սոչիի մէջ ձեռք բերուած փոխըմբռնումները:
Նախագահ Միշել բարձր գնահատեց երկու ղեկավարներուն ձեռնարկած քայլերը` Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին վերջին զինուած բախումներէն ետք լարուածութեան թուլացումը ապահովելու ուղղութեամբ: Կողմերը ընդունեցին, որ երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներուն միջեւ յաջողութեամբ հաստատուեցաւ ուղիղ կապ` նախագահ Միշելի աջակցութեամբ: Այս գործիքակազմը կրնայ ծառայել ապագայ միջադէպերու կանխարգիլման եւ դրական ազդեցութիւն ունենալ լարուածութեան թուլացման հարցին մէջ», կ՛ըսուի Շարլ Միշելի յայտարարութեան մէջ:
Ան ընդգծեց, որ առանցքային մարդասիրական հարցերու լուծումը վճռորոշ նշանակութիւն ունի: Ան ողջունեց 4 Դեկտեմբերին Ատրպէյճանի կողմէ տասը հայ գերիներու վերադարձը եւ ականապատ տարածքներու քարտէսներու յանձնումը Հայաստանի կողմէ: «Ան կոչ ուղղեց՝ ամբողջական եւ արագ կերպով լուծելու մարդասիրական բոլոր հարցերը, ինչպէս՝ բանտարկեալներու ազատ արձակումը եւ անհետ կորսուածներու ճակատագիրի յստակացումը` նոյն ատեն գիտակցելով, որ երկու կողմերու մարդասիրական ժեսթերը նաեւ կը նպաստեն վստահութեան եւ խաղաղութեան ու հաշտեցման տանող միջավայրի ստեղծման: Եւրոպական Միութիւնը պիտի շարունակէ աջակցիլ մարդասիրական, ականազերծման ջանքերուն՝ տրամադրելով փորձագիտական խորհրդատուութիւն, պիտի օժանդակէ այս տագնապէն տուժած բնակչութեան, վերականգնման ու վերակառուցման: Եւրոպական Միութիւնը նաեւ պիտի շարունակէ աջակցիլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ վստահութեան ամրապնդման նախաձեռնութիւններուն», կ՛ըսուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ:
Հայաստանի վարչապետը, Եւրոպական խորհուրդի ղեկավարը եւ Ատրպէյճանի նախագահը քննարկեցին նաեւ Եւրոպական Միութեան եւ երկու երկիրներուն միջեւ ներկայ եւ հեռանկարային առեւտրատնտեսական գործընկերութիւնը: Ընդգծուեցաւ մտադրութիւնը` գործարկելու տնտեսական խորհրդատուական հարթակ` վստահութիւն ստեղծելու, խաղաղ գոյակցութեան նպաստելու եւ տարածաշրջանին մէջ տնտեսական համագործակցութիւնը ամրապնդելու համար:
Ղեկավարները պայմանաւորուեցան, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պետական սահմանի սահմանագծման եւ սահմանազատման շուրջ բանակցութիւններու ծրագրուած մեկնարկի պարունակին մէջ, անհրաժեշտ պիտի ըլլայ հետագային շօշափելի քայլերու ձեռնարկել՝ տեղւոյն վրայ լարուածութիւնը նուազեցնելու, բարենպաստ մթնոլորտ ապահովելու համար: Նախագահ Միշել թէ՛ Երեւանին եւ թէ Պաքուին կոչ ուղղեց՝ աշխուժօրէն ներգրաւուելու եւ բարեխղճօրէն աշխատելու լարուածութեան թուլացման ուղղութեամբ: Ան ընդգծեց, որ ուժերու համապատասխան հեռաւորութեան ապահովումը միջադէպերու կանխարգիլման էական տարր է: Եւրոպական Միութիւնը պիտի տրամադրէ փորձագիտական առաքելութիւն-խորհրդատուական խումբ` աջակցելու սահմաններու սահմանագծման եւ սահմանազատման հարցերուն` երկու երկիրներուն ապահովելով թեքնիք աջակցութիւն:
Միշել ընդգծեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի, ինչպէս նաեւ ամբողջ Հարաւային Կովկասի մէջ հաղորդակցութեան ենթակառուցուածքներու վերականգնման կարեւորութիւնը` ամբողջական յարգանք ապահովելով բոլոր երկիրներու ինքնիշխանութեան նկատմամբ: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ՝ շարունակելու երկաթուղային գիծերու վերականգնումը` սահմանային եւ մաքսային հսկողութեան համապատասխան պայմանաւորուածութիւններով` փոխադարձութեան սկզբունքով: Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է աջակցելու կապերու զարգացման` իր տնտեսական եւ ներդրումային ծրագիրներուն համապատասխան: Առաջարկուող տնտեսական խորհրդատուական հարթակը եւս կրնայ նպաստել այս գործընթացին: Առաջնորդները համաձայնեցան հետեւիլ իրենց հանդիպման արդիւնքներուն եւ մնալ ներգրաւուած:
Եռակողմ հանդիպումի ծիրին մէջ, Շարլ Միշել պահ մը առանձին ձգեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը` ուղիղ խօսելու համար:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք ճի՞շդ է, որ նման բան պատահած է՝ Միշել ըսաւ. «Այո՛, ասիկա ճիշդ է: Ես կարեւոր կը նկատեմ իմ կողմէ օգնելը, աջակցիլը, բայց նաեւ շատ կարեւոր է, որ անոնք ուղղակի խօսին»։
Միշել շատ կարեւոր նկատեց երկու երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ ուղիղ կապ ստեղծելը` յայտնելով, որ այդպիսի հանդիպումներ, ինչպէս՝ Պրիւքսէքի մէջ տեղի ունեցածը, նաեւ կարեւոր են։ «Համոզուած եմ, որ շատ կարեւոր է ուղիղ կապը երկու ղեկավարներուն միջեւ։ Մենք յաջողեցանք դրական դեր խաղալ պաշտպանութեան նախարարներու մակարդակով ուղիղ կապը կարելի դարձնելու առումով՝ հաւանական միջադէպերը կանխարգիլելու, հետագայ բախումներէ խուսափելու համար», ըսաւ Միշել:
Փաշինեան հանդիպումէն ետք «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրեց, որ եռակողմ հանդիպման վերահաստատուեցաւ երկաթուղիի վերագործարկման պայմանաւորուածութիւնը: «ԵՄ խորհրդի նախագահ Շարլ Միշելի եւ Ադրբեջանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ եռակողմ հանդիպմանը Ադրբեջանի նախագահի հետ վերահաստատեցինք երկաթուղու վերագործարկման պայմանաւորուածութիւնը: Ըստ այդմ` երկաթուղին կը գործի սահմանային եւ մաքսային միջազգայնօրէն ընդունուած կանոնների համաձայն` փոխադարձութեան սկզբունքով, երկրների ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան ներքոյ: Հայաստանը երկաթուղով հասանելիութիւն կը ստանայ դէպի Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն եւ Ռուսաստանի Դաշնութիւն: Նաեւ պայմանաւորուեցինք շարունակել շփումները», գրած է Փաշինեան։
ՌՈՒՍԻԱ, ՖՐԱՆՍԱ ԵՒ ՆԱԹՕ-Ն Կ՛ՈՂՋՈՒՆԵՆ ՊՐԻՒՔՍԷԼԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ
Ռուսիա եւ ՆԱԹՕ արձագանգեցին Պրիւքսէլի հանդիպումին։
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերՄարիա Զախարովա հաստատեց, որ Ռուսիա կ՛ողջունէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ուղիղ կապերու շարունակութիւնը:
«Երկու առաջնորդներու հանդիպման մասին կը շարունակենք տեղեկատուութիւնը ստանալ եւ մենք պիտի քննարկենք զանոնք», յայտնեց Զախարովա:
Ըստ անոր՝ Ռուսիա յոյս ունի, որ պրիւքսէլեան քննարկումներուն արդիւնքները կը նպաստեն իրականացնելու Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներու եռակողմ պայմանաւորուածութիւնները, որոնք ձեռք բերուեցան նախորդ երեք հանդիպումներուն:
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ՝ աջակցիլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ փոխվստահութեան ամրապնդման քայլերուն։ Այս մասին յայտարարեց Էլիզէի պալատը` անդրադառնալով երկու պետութիւններու ղեկավարներուն զրոյցին:
«Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ լարուածութեան հարցը քննարկելու ատեն Ֆրանսայի ղեկավարը եւ նախագահ Փութին քննարկեցին ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահներուն (Ռուսիա, Միացեալ Նահանգներ եւ Ֆրանսա) ջանքերը` վստահութեան ամրապնդման, նաեւ՝ մարդասիրական ոլորտին ուղղուած», յայտնեցին պալատէն:
Ըստ Էլիզէի լրատուական գրասենեակին՝ Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ նախագահները հաստատեցին, որ պիտի օգտագործեն կարգավիճակը եւ հեղինակութիւնը` կարելի եղածին չափ շուտ նման միջոցներու ձեռնարկելու համար:
ՆԱԹՕի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ հաստատեց, որ ՆԱԹՕն կ՛աջակցի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման:
«Մեզի համար շատ կարեւոր են ապահովութիւնը եւ կայունութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ: Խաղաղ ապագայ ապահովելու համար մենք կ՛աջակցինք Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու կարգաւորման, անոնք արժէքաւոր գործընկերներ են ՆԱԹՕին համար», յայտնեց Սթոլթենպերկ։
After December 14 meeting, A FIRST since 1920 December without
“Grizzly” heavy presence, giving improvement for balanced, free
negotiation. BUT this does not MEAN that Pashinian represents
total 12 million Nation DEALING APPROVAL, GREEN LIGHT, rights,
claims, lands, penalty payments,as, SOLE DECIDER for 10 million
outsider Nation HUGE LOSSES, with Turkey, IGNORING GENOCIDE
& REFERENDUM APPROVAL, INCLUDING CILICIA ALL POSSESSIONS:
BY REFERENDUM.. 101 years Bolshevik rule rejected illegally any
PARTICIPATION IN DISMEMBERING DECISIONS BY ARMENIAN
PRESENCE: ONLY WITH TURKEY AND LATER WITH AZERBAIJAN, ALL
CONSPIRING AGAINST ARMENIA, USING HARSHEST METHODS.
SINGLE PERSON, SUBJUGATED, BRANDED as RUSSIA’S *YES MAN*,
MUST CONSULT FIRST DIASPORA; WHICH ON ITS TURN MUST LOUDLY
DEMAND TOTAL DECISION TAKING PRIVILEGES INTO RIGHTS APPROVAL.