Լինտա Գանտիլեան

Հերոսները միայն անոնք չեն, որ պատերազմի դաշտին վրայ իրենց կեանքը կը զոհեն, այլ նաեւ անոնք են, որ իրենց գիտակցական կեանքը ամբողջութեամբ կը նուիրեն ազգի զաւակներուն, իրենց անձնական հաճոյքին կը վերածեն ժողովուրդի ծառայութիւնն ու նուիրումը եւ հայրենիքի վերելքին կը ձօնեն իրենց առօրեան:
Բազմաթիւ են անոնց օրինակները հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս եւ մեր կեանքի այլազան մարզերու մէջ կարելի է հանդիպիլ նմանօրինակ տիպարներու։ Այդ բացառիկներէն մէկն ալ՝ ՀՕՄուհիներու փաղանգին պատկանող, նուիրեալներու հարազատ ժառանգորդը, Սօսէ Մայրիկի աւանդը շարունակող եզակի երեւոյթներէն մէկը, որ արդարացիօրէն յիշատակութեան արժանի է՝ ընկերուհի Վանուհի Իսաջանեանը կամ «Վանիկ»ն էր:
Անկրկնելի երեւոյթ մը հայ կեանքէն ներս, իր խանդավառութեամբ եւ գործին հանդէպ ունեցած հաւատքով, անձնուրաց եւ անխոնջ նուիրումով, ջերմութեամբ, մտերմութեամբ եւ յատկապէս վարակիչ աշխուժով:
Շաբաթներ առաջ անգութ հիւանդութիւնը կանգնեցուց անոր սիրով զեղուն սրտին զարկերը:
Սիրտ, որ կը տրոփէր հայրենիքին համար, կը փափախէր անփոխարինելի Արցախին համար, իր ծննդավայր Հալէպի ընկերուհիներուն համար, իր սիրած գանատահայութեան համար։ Այն սիրտը որ կը զարնէր հայրենի իւրաքանչիւր երեխայի սրտի զարկին հետ՝ դադրեցաւ… Հիւանդութիւնը վերջ տուաւ կեանքով լեցուն, աշխատանքով զեղուն մեր ընկերուհիի երկրային կեանքին:
Մահուան գուժը վերականգնեց Վանիկին հետ ունեցած իմ բոլոր յիշատակներս, նկարները դարաններէն դուրս եկան եւ մէկիկ մէկիկ թերթատելով սկսայ վերապրիլ անոր հետ ունեցած տաքուկ պահերը:
– Հէլօօօօ՜, հնչեց վանիկի եղանակաւոր եւ հնչիւն ձայնը:
– Լինտան է Վանիկ
– Լինտա՞ն
– Այո Գանտիլեանը
– Հա՜ ճանիկ, ինչպէ՞ս ես …
Վերջին հեռաձայնային խօսակցութեան ազդեցութեան տակ եմ տակաւին, ձայնի հնչեղութիւնը կը յամենայ ականջիս մէջ…
Սիրելի ընկերուհի անգամ մը եւս կ՛ուզեմ խօսիլ հետդ, թէեւ միակողմանի պիտի ըլլայ, բայց այս բոլորը պէտք էր ըսուէր, թէեւ ուշ է, բայց կարելի չէ լուռ անցնիլ.․. կը յուսամ, որ անուշ յիշատակները եւ անկեղծութեամբ ըսուած այս տողերը որպէս խունկ եւ ծունկ մը աղօթք հանգչեցնեն ՀՕՄուհիներու հոյլին միացած հոգիդ անդէականի մէջ:
Սիրելի Վանիկ, մանկութեան ընկերուհիներ չէինք, ինծի նախորդող սերունդէն էիր, թէեւ երկուքս ալ հալէպցի էինք, բայց երբեք իրարու չէինք հանդիպած Հալէպ ապրած շրջանիդ, սակայն շատ-շատ լսած էի քու մասիդ, քու ծաւալած գործունէութեանդ մասին, քու կեանքէդ եկած պատմութիւններուն, որոնք քեզ դարձուցած էին հետաքրքրական անձնաւորութիւն մը, որուն կ՛ուզէի անպայման հանդիպիլ ու ծանօթանալ:
ՀՕՄը եղաւ մեր ծանօթութեան կամուջը, առաջին անգամ հանդիպեցայ քեզի Հալէպ՝ Ճեմարանի յիսնամեակի տօնակատարութեան առիթով, երբ շրջանաւարտներու հոծ բազմութեան մէջէն եւ բոլորին կողմէ դո՛ւն խօսք ուղղեցիր ներկաներուն։ Բեմը ամբողջութեամբ կը փայլէր քու անմոռանալի ժպիտովդ, տակաւին չեմ մոռնար դէմքէդ ճառագայթող ժպիտն ու կարօտի եւ ուրախութեան փայլատակումը, քեզի յատուկ անկեղծութեամբ ըսուած խօսքերը… այդ էր մեր առաջին հանդիպումը եւ իմ առաջին տպաւորութիւնս՝ «փայլուն աստղ»։ Որքան կարօտը ունէինք աստղերու մեր գաղութին մէջ, ուր մենք լուռ ու մունջ կ՛աշխատէինք եւ կը փորձէինք մեր «փայլքը» անշքացնել: Տարբեր էր քու մտածելաձեւդ, քու անհատնում եռանդդ, լաւատեսութիւնդ, անչափելի գործնականութիւնդ:
Մեր երկրորդ հանդիպումը հայրենի հողին վրայ էր. այդ որքան սէր, կարօտ կուտակուած էր մեր հոգիներուն մէջ։ Արցախի կռիւներու թէժ ժամանակաշրջանն էր, ֆետայիներ ամէն կողմէ կը հասնէին Արցախ, մենք մեր կարդացած գիրքերու օրերը կ՛ապրէինք, մահու կենաց օրեր էին, անյուսութեան եւ փայլուն ապագայի հեռանկարներ միաժամանակ… Հայաստան նոր անկախացած էր, 1992 ՀՕՄի Համահայկական 64րդ պատգամաւորական ժողովին մասնակցելու, աշխարհի զանազան երկիրներէ հաւաքուած ՀՕՄուհիներ, նորանկախ հայրենիքի, Արցախեան պատերազմի եւ երկրաշարժի աղէտի հետեւանքներէն մեկնած, յառաջիկայ երեք տարիներու համար պիտի որոշէին նոր ծրագիրներ եւ որդեգրէին նոր գործելաձեւ, յաղթահարելու բոլոր մարտահրաւէրները, եւ անշուշտ պիտի ընտրուէր նոր Կեդրոնական վարչութիւն։ Ապագան որքան որ ալ խոստումնալից էր, բայց կ՛ենթադրէր մեծ աշխատանք, որ կը կարօտէր հզօր հաւատքի ու անձնուրաց նուիրումի, «փարոս»ի մը, որ պիտի լուսաւորէր խաւարը… Ո՞վ կարող էր այդ մէկը ստանձնել, եթէ ոչ դո՛ւն՝ սիրելի ընկերուհիս։
Ընտրուեցար ՀՕՄի կեդրոնականի ատենապետուհի եւ վեց տարիներ ցուպը ձեռքիդ Գանատայէն Պոսթըն, Պոսթընէն Հայաստան, Հայաստանէն Հալէպ եւ աշխարհի բոլոր գաղութները մէկիկ մէկիկ շրջեցար կազմակերպեցիր, խրախուսեցիր, յորդորեցիր, թելադրեցիր եւ մակնիսացնելով մտքերն ու սրտերը ուղղեցիր դէպի հայրենաշինութիւն եւ արցախապատում:
Հայրենիքի սէրը՝ մութն ու ձիւնը կը չքացնէին, զինուորին ժպիտը՝ կ՛անէացնէր յոգնութիւնդ, իսկ «Սօսէ» մանկապարտէզի երեխաներու ճռուողիւնը, Ախուրեանի «Մայր ու Մանկան» հիւանդանոցի նորածիններու ճիչը կը գլէր կ՛անցնէր ամէն արգելք ու թռիչք կու տար շինարար երեւակայութեանդ եւ թեւեր՝ հասնելու ժողովուրդի բոլոր խաւերուն, բառացիօրէն գործադրելով այդ օրերու՝ «Ժողովուրդիս հետ ժողովուրդիս համար» նշանաբանը:
Եւ այդ գործի օրերուն էր, որ մենք մտերմացանք ու եղանք գործի ու գաղափարի ընկերներ. մեր վերջին հանդիպում վայրը քու տունդ էր, Գանատա։ Վստահ կը յիշես իրիկուան մեր մտերիմ զրոյցներն ու խնդուքները, կէսօրուան մեր ճաշերը եւ «Գանձերու կղզին», մեր հանդիպումներն ու վերլուծումները, ապա մեր պտոյտները, շուկաները եւ ամենահետաքրքրականը՝ քու պատմութիւններդ, վեց տարիներու յիշատակներդ, Հայաստանի «արկածախնդրութիւններդ», որքան ուզեցի, որ ինծի արտօնես, որ անոնք գրի առնեմ, բայց համեստութիւնդ եւ գաղտնապահութիւնդ չարտօնեցին եւ անոնք հաւանաբար անհետ գացին:
Այսպէս, ոչ ոք կրցաւ կասեցնել ոչ քու խանդավառութիւնդ, ոչ դէմքէդ ճառագայթող ժպիտը եւ ոչ ալ աշխատանքային ծրագիրներուդ իրագործումը բացի անողոք հիւանդութենէն, որ քեզ անկողնին գամեց եւ Նոյեմբեր 29ին առյաւէտ ֆիզիքապէս բաժնուեցար կեանքէն:
Բայց մահն անգամ ընկրկեցաւ քու կամքիդ դիմաց եւ այսօր Եռաբլուրը անգամ մը եւս սրբացաւ ու արժեւորուեցաւ գաղփարական հայրենասէր հայուհիի մը նուիրական աճիւնները ընդգրկելով իր թանկագին գիրկը եւ վստահ եմ, որ հոգիդ հանգչեցաւ, երբ աճիւններդ միախառնուեցան մեծ հայուհի՝ Սօսէ Մայրիկի աճիւններուն հետ, որոնք քու ձեռքերովդ փոխադրած ու տեղադրած էիր:
Կեանքդ նուիրաբերեցիր հայ ժողովուրդին եւ արժանի էիր ոսկորներդ հանգչեցնելու սիրած հայրենի հողին մէջ։ Ննջէ հանգիստ ընկերուհի, հայրենիքի մէջ քու շրջանիդ կատարուած տիտանային աշխատանքը յաւիտեան պիտի յուշէ քու անունդ, ոչ մէկ զինուոր պիտի մոռնայ կաղանդի մութ ու ցուրտ գիշերուան ստացած ՀՕՄի ջերմացնող սրտիկներով պաշարի տոպրակները, «Սօսէ» մանկապարտէզի իւրաքանչիւր աշակերտ պիտի յիշէ իր կեանքը գունաւորող ու զարդարող «Սօսէ» մանկապարտէզի դասարանները, Ախուրեանի «Մօր եւ Մանկան» հիւանդանոցի մէջ մայրացող հայուհիներու աղօթքը պիտի խաղաղեցնեն հոգիդ եւ ի վերջոյ, կարելի՞ է տեսնել Սօսէ Մայրիկի կոթողը, առանց ընկերուհի Վանուհին տեսնելու անոր կողքին…
Վստահ եմ, որ յետ այսու հոգիդ պիտի սաւառնի հայրենի երկնակամարի վրայ ու վկայէ պարարտ հողի մէջ ցանած սերմերուդ ծլիլն ու ծաղկիլը։ Սկսած գործդ պիտի շարունակուի, ծաւալի եւ ժառանգութիւնդ պիտի մնայ յաւէտ: