ՊԷՅՐՈՒԹ.- Երկուշաբթի, 6 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Հայ կաթողիկէ Սուրբ Եղիա-Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Պէյրութ Չենթց» փառատօնի ծննդեան համերգներէն մէկը՝ վերնագրուած «Արմինիըն Քորտըզ», կատարողութեամբ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբին, ղեկավարութեամբ մայէսթրօ Գրիգոր Ալոզեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի:
Համերգին ներկայ էին Լիբանանէն եւ տարբեր երկիրներէ ժամանած անձնաւորութիւններ, դեսպանութիւններու ներկայացուցիչներ, եկեղեցականներ, Լիբանանի Համազգայինի Շրջանային վարչութեան գեղարուեստի ղեկավարներ, համազգայնականներ, երաժշտասէրներ եւ «Գուսան»ի բարեկամներ:
Իւրայատուկ այս համերգը կը բաղկանար երեք մասերէ.
Առաջին բաժինը ըլլալով ազգային նուագարաններով՝ սրինգի, շուիի եւ տուտուկի փունջ մը հայկական դասական եւ ժողովրդային մեղեդիներով հանդէս եկաւ Գէորգ Քէշիշեան, Արէն Տօներեանի դաշնամուրի ընկերակցութեամբ.
Երկրորդ բաժինով հանդէս եկաւ սոփրանօ եւ «Գուսան» երգչախումբի անդամ Շողիկ Թորոսեան, որ փունջ մը դասական երգերով գեղեցիկ մթնոլորտ ստեղծեց. երրորդ մասին սկիզբը «Գուսան» երգչախումբի արական սեռի անդամներուն կողմէ կատարուեցան «Խորհուրդ Մեծ»ը եւ «Այսօր Տօնն է»՝ ըստ հայ կաթողիկէ աւանդական եղանակին, որուն յաջորդեց երգչախումբի ամբողջական կազմին կողմէ շարք մը երգերու բազմաձայն երգեցողութիւն, ինչպէս՝ Եկմալեանի Ս. պատարագէն բաժիններ, ասորերէն շարական մը, Կաղանդի առթիւ անգլերէն երգեր եւ «Հայրենի Սէր» երգը :
«Գուսան» երգչախումբը հմայեց ժողովուրդը՝ գրաւելով նաեւ օտար ներկաներու ուշադրութիւնը՝ հայկական երգեցողութեան եւ երգչախմբային կատարումին:
«Գուսան» երգչախումբի անդամ, Համազգայինի Շրջանային վարչութեան մէջ «Գուսան»ի ներկայացուցիչ Կարէն Եոսուլքանեան, երգչախումբի ղեկավարին, անդամներուն, ինչպէս նաեւ Շրջանային վարչութեան անունով խօսք առաւ՝ Համազգայինի շնորհակալութիւնը եւ երախտիքը յայտնելով «Պէյրութ Չենթց» փառատօնի հիմնադիր Միշլին Ապի Սամրային, զայն սեպելով Համազգայինի մեծ ընտանիքի անդամ՝ նկատի ունենալով, որ ան Համազգայինի երգչախումբը միշտ ներառած է սոյն փառատօնի համերգներուն: Եոսուլքանեան նաեւ շնորհակալական խօսք ուղղեց «Նիւ. Թի. Վի.» կայանի տնօրէնութեան եւ անձնակազմին, որոնք այս համերգի նկարահանումը կատարեցին: Ան խօսքը աւարտեց տօնական բարեմաղթութիւններով:
Նկատի ունենալով, որ մուտքի տոմսերու պահանջը մեծ էր, «Գուսան» երգչախումբի «Ֆէյսպուք»ի էջէն եւ փառատօնի «Ինսթակրամ»էն ուղիղ սփռումով ներկայացուեցաւ ամբողջ յայտագիրը՝ առիթ ընծայելու նաեւ Համազգայինի բոլոր բարեկամներուն հետեւելու այս իւրայատուկ համերգին: