
ԳԷՈՐԳ ՔԵՒԻՆ ՄԻՆԻՍԵԱՆ
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, եղբօր եւ հարազատին՝ Գէորգ Քեւին Մինիսեանի անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ Երեքշաբթի, 23 Նոյեմբեր 2021ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Հինգշաբթի, 23 Դեկտեմբեր 2021ին, առաւօտեան ժամը 9։30ին, Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան Church of the Hills մատրան մէջ, ապա թաղումը՝ նոյն գերեզմանատան մէջ։
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել CalTech-ի Kevin Minissian Memorial Fund-ին, որ հաստատուած է հանգուցեալի ընտանիքին եւ Norchem Corporation-ի կողմէ։ Հասոյթը պիտի տրամադրուի Hoffman Group-ի աշակերտներուն եւ իրենց հետազօտութիւններուն՝ ջուրի մշակման եւ վերամշակման արհեստագիտութեան։