ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- «Ռուսիա մտահոգ է իր սահմաններուն ՆԱԹՕի մօտ կատարած ռազմափորձերով եւ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ ամերիկեան հրթիռային վահանի տեղադրումով: Ռուսիա Արեւմուտքէն անվտանգութեան երկարատեւ իրաւական երաշխիքներ կ՛ուզէ եւ ոչ թէ բերանացի խոստումներ», Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան անձնակազմի ընդլայնուած ժողովին ընթացքին յայտարարեց նախագահ Վլատիմիր Փութին՝ աւելցնելով. «Ռուսիա խիստ կերպով պիտի հակադարձէ իր դէմ կատարուող որեւէ թշնամական քայլի: Յոգնեցանք միջազգային օրէնքի ոլորտին մէջ Միացեալ Նահանգներու խուսանաւումներէն։ Պաշտպանութեան նախարարութենէն պիտի պահանջեմ բարեփոխութեան ենթարկել 2022ի զինուորական մարզումները։ Ամերիկա պէտք է հասկնայ, որ Ռուսիա պիտի չնահանջէ Ուքրանիոյ մէջ ամերիկեան ծրագիրներուն դիմաց։ Ամերիկացիները իրենց ուզածը կ՛ընեն, սակայն Ուքրանիոյ պարագային անոնք մեր տան շեմին են: Մենք Ուաշինկթընէն մեր առաջարկներուն վերաբերեալ յստակ եւ ամբողջական պատասխանի մը կը սպասենք, ու այդ առնչութեամբ նշաններ կան։ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն առաջարկեց անվտանգութեան երաշխիքներու շուրջ բանակցութիւններուն համար յատուկ ներկայացուցիչ նշանակել»:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու իր կարգին յայտարարեց հետեւեալը. «Մեր սահմաններուն մօտ ուքրանական զինեալ ուժերու շարժումները Ռուսիոյ ապահովութեան սպառնալիք կը ներկայացնեն»:
Ան յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ Արեւելեան Եւրոպայի եւ Հնդկաց ովկիանոսի շրջաններուն մէջ Ռուսիոյ սահմաններուն մօտ հրթիռային վահան տեղադրել:
Անդրադառնալով Սուրիոյ՝ Շոյկու ըսաւ. «Ռուսական ուժերու զօրախումբը Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան պահպանման գլխաւոր երաշխիքն է, եւ երբ երկրին հարաւը կացութիւնը վատթարացաւ, սուրիական ղեկավարութեան օժանդակութիւն տրամադրուեցաւ, եւ մեր խորհրդականներուն ուղղակի մասնակցութեամբ կրցանք խուսափիլ արիւնահեղութենէ եւ Տարաայի նահանգին մէջ կացութիւնը կայունացնել»:
Միւս կողմէ, Փութին յայտնեց, թէ Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահներու ներկայութեան շնորհիւ կը բարելաւուի ապահովական կացութիւնը: