
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի լրագրողները եւ ազգային խումբերու գլխաւոր մարզիչները քուէարկութեամբ ընտրեցին 2021 տարեշրջանի լաւագոյն տասը մարզիկները:
Ստորեւ՝ լաւագոյն տասնեակի անուանացանկը.
Ալեքսանեան Արթուր՝ յունահռոմէական ըմբշամարտ
Ամոյեան Մալխաս՝ յունահռոմէական ըմբշամարտ
Պաչքով Յովհաննէս՝ բռնցքամարտ
Դաւթեան Արթուր՝ մարմնամարզութիւն
Լալայեան Վարազդատ՝ ծանրաբարձութիւն
Դանիէլեան էլինա՝ ճատրակ
Յարութիւնեան Արսէն՝ ազատ ոճի ըմբշամարտ
Մարտիրոսեան Սիմոն՝ ծանրաբարձութիւն
Մինասեան Գոռ՝ ծանրաբարձութիւն
Չալոյեան Դաւիթ՝ բռնցքամարտ
Մարզասէրներուն քուէարկած «Տարուան համակրանք» մրցանակը շահեցաւ աշխարհի ախոյեան Մալխաս Ամոյեան: