ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերու Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար անդրադարձաւ 20 Դեկտեմբերին, Հայաստանի կողմէ երկու ատրպէյճանցի սահմանախախտ զինուորներու Ատրպէյճանին վերադարձուելուն:
«Կ՛ողջունենք երկու զինուորներու յանձնումը: Ասիկա մարդասիրական կարեւոր քայլ մըն է, որ կ՛ամրապնդէ վստահութիւնը», «Թուիթըր»ի վրայ գրած է Քլաար:
Յիշեցնենք, որ 18 Դեկտեմբերին, Հայաստանի պաշտպանութեան «Ն» զօրամասի պահպանութեան տեղամասերէն մէկուն մէջ, հայ դիրքապահներու կողմէ ձերբակալուած էին ատրպէյճանցի զինեալ ուժերու երկու սահմանախախտ զինուորներ, իսկ 20 Դեկտեմբերին, մարդասիրական նկատառումներով եւ Ռուսիոյ միջնորդութեամբ, նշեալ զինուորները վերադարձուած էին ատրպէյճանական կողմին: