ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պաշտօնական դիւանագիտական ուղիներով դիմեց «Կուկըլ» ընկերութեան՝ պահանջելով հրաժարիլ Արցախի՝ 44օրեայ պատերազմին իբրեւ արդիւնք Պաքուի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներու հայկական անունները օգտագործելէ։ «ՌԻԱ Նովոսթի»ն կը հաղորդէ, որ այս մասին նշեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լէյլա Ապտուլայեւա։
Ռուսական լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ներկայիս «Կուկըլ Մեփս» յաւելուածին մէջ Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած արցախեան քաղաքներու եւ շրջաններու անունները նշուած են ատրպէյճաներէնով եւ հայերէնով։