ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Հայաստանի վիճակագրական կոմիտէն հրապարակեց 100 անձերու հաշիւով նկատի առնուած ցուցանիշները:
Տուեալները հաւաքագրուեցան տնային տնտեսութիւններու մէջ կատարուած հետազօտութիւններուն իբրեւ արդիւնք:
Հարիւր անձերու հաշիւով, 2020 թուականի դրութեամբ՝ 37 անձեր բնակած են Երեւանի մէջ, 63ը՝ մարզերուն, 53ը կիներ են, 47ը՝ տղամարդիկ: Հայաստանի մէջ 100 անձերէն 98ը ազգութեամբ հայեր են, երկուքը այլազգ, 96ը քրիստոնեաներ են, 4ը կը դաւանին այլ կրօններ, 99ը գրաճանաչներ են, մէկը՝ ոչ, 18ը ունի բարձրագոյն կրթութիւն, 82ը՝ աւելի ցած: Ըստ ցուցանիշին՝ 100 անձերէն 27ն աղքատներ են, մէկը՝ ծայրայեղ աղքատ: Հայաստանի մէջ 100 անձերու բաժին կ՛իյնայ 0.47 բժիշկ, 10 հազար անձերու՝ 47 բժիշկներ:
Հարիւր աշակերտներու բաժին կ՛իյնան 8 ուսուցիչներ: 15-74 տարեկան մարդուժի 100 անձերէն 82ը կ՛աշխատին, 18ը՝ անգործ է: Հարիւր աշխատողներէն 46ը կիներ են, 54ը՝ տղամարդիկ: Հարիւրէն 26ը կ՛աշխատին պետական համակարգին մէջ, 74ը՝ մասնաւոր հատուածին: 15-74 տարեկան 100 անգործներէն 43ը կիներ են, 57ը՝ տղամարդիկ: