ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Վաղարշակ Յարութիւնեան նշանակուեցաւ Ռուսիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան: Նախագահի հրամանագիրը հրապարակուեցաւ նախագահականի պաշտօնական կայքին վրայ:
Մէկ այլ հրամանագիրով, Վարդան Տողանեան յետս կոչուեցաւ Ռուսիոյ մօտ Հայաստանի դեսպանի պաշտօնէն:
Վաղարշակ Յարութիւնեան պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնէն հրաժարական տուած էր Յուլիսին: Մինչ այդ, ան վարչապետի խորհրդականն էր: