Սերպիոյ Նովի Սատ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած արագ ճատրակի Եւրոպայի 16 տարեկանէն վար ախոյեանութիւնը վերջ գտաւ Հայաստանի ներկայացուցիչ Էմին Օհանեանի յաղթանակով, կը հաղորդէ Հայաստանի ճատրակի դաշնակցութեան մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Էմին Օհանեան, որ առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովեց 7․5 կէտ, մէկ կէտով գերազանցեց երկրորդ դիրքը գրաւած Մաքսիմ Ցարուքը (Պիելոռուս):
Ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին 45 ճատրակ խաղացողներ: