ԱՆԹԻԼԻԱՍ․- Չորեքշաբթի, 5 Յունուար 2022ի երեկոյեան, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ծննդեան Ճրագալոյցի Ս. եւ անմահ պատարագը։
Ս. պատարագի աւարտին, Քրիստոսի ծնունդը աւետող շարականներու երգեցողութեան ընթացքին, Կոմիտաս արք. Օհանեան Ս. խորանէն վար բերաւ Քրիստոսի լոյսը խորհրդանշող մոմը եւ յանձնեց վեհափառին։ Հաիրապետին ձեռամբ հաւատացեալները ստացան Ս. խորանէն բերուած լոյսը եւ իրենց տուները տանելով՝ լուսաւորուեցան Քրիստոսի ճշմարիտ լոյսով։
