
Տիթրոյթի ՀՕՄի Զաւարեան միօրեայ վարժարանի աւանդական դարձած ամանորեայ հանդէսը տեղի ունեցաւ 17 Դեկտեմբերի երեկոյեան։
Հանդիսութեան ներկայ էին Հրանդ քհնյ. Գէորգեան, ՀՕՄի միջ-մասնաճիւղի անդամ ընկերուհիներ, ծնողներ, հարազատներ եւ բարեկամներ։
Հանդիսութեան բացումը կատարեց տնօրէնուհի Լենա Նազարեան, որ բարձր գնահատեց վարժարանի գործունէութեան սատարող ՀՕՄի վարչութեան անդամներու նուիրումը։Ա անդրադարձաւ ծնողներու գիտակից ու հայանուէր կեցուածքին, ինչպէս նաեւ շեշտեց դպոց-ծնող-աշակերտ կապի կարեւորութիւնը։
Խօսք առաւ Հրանդ քհնյ. Գէորգեան, որ իր կարգին ընդգծեց Սփիւռքի տարածքին հայ դպրոցի էական դերակատարութիւնը, քաջալերեց ծնողները, աշակերտները եւ կրթական գործին նուիրեալները։ Օրհնելով բոլոր ներկաները ան խօսքը աւարտեց Տէրունական աղօթքով։
Զաւարեան դպրոցի Ուրբաթօրեայ եւ Շաբաթօրեայ դասարանները միասին խանդավառութեամբ ներկայացուցին շարք մը ամանորեայ եւ Ս․ Ծննդեան երգեր ու Զահրատէն, Մետաքսէէն եւ այլ այլոց բանաստեղծութիւններէն ծաղկաքաղ մը։ Երաժշտասէր աշակերտները ջութակով եւ դաշնամուրով հրամցուցին տօնական տրամադրութիւն պարգեւող կտորներ։