
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԵԱՀԿի Մշտական խորհուրդի 13 Յունուարի յատուկ նիստին, Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարար, ԵԱՀԿի գործող նախագահ Զպիկնեւ Ռաու ներկայացուց լեհական նախագահութեան առաջնահերթութիւնները:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնեցին, որ յաջորդած միտքերու փոխանակման ընթացքին ԵԱՀԿի մէջ Հայաստանի առաքելութեան ղեկավար, դեսպան Արմէն Պապիկեան հանդէս եկաւ ելոյթով, որուն ընթացքին անդրադարձաւ հայ-ատրպէյճանական սահմանին եւ Արցախի հետ շփման գիծին մէջ Ատրպէյճանի կողմէ շարունակ կազմակերպուող սադրանքներուն եւ ռազմական բախումներուն, որոնք պատճառ կը դառնան մարդկային կորուստներու:
«Մասնաւորապէս, անդրադարձ եղաւ ՀՀ ինքնիշխան տարածք 2021թ. Մայիսի 12ից ներխուժած ադրբեջանական զինուած ստորաբաժանումների կողմից ս.թ. Յունուարի 11ին հրետանու եւ անօդաչու թռչող սարքերի օգտագործմամբ կազմակերպուած սադրիչ գործողութեանը, ինչի արդիւնքում զոհուել են ՀՀ զինծառայողներ Արթուր Մխիթարեանը, Ռուդիկ Ղարիբեանը եւ Վահան Բաբայեանը: Ընդգծուեց, որ վերջին օրերին Բաքուից հնչող հայատեաց եւ, միեւնոյն ժամանակ, «ինքնախոստովանական» յայտարարութիւնները հաստատում են, որ այդ բախումները նախաձեռնել է Ադրբեջանը», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:
Ըստ աղբիւրին՝ ԵԱՀԿի գործող նախագահին ուշադրութեան յանձնուեցան Պաքուի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու եւ գերի ինկած քաղաքացիներու, ինչպէս նաեւ բռնի անհետացումներու խնդիրները, որոնք մինչ օրս չեն հանգուցալուծուած՝ Ատրպէյճանի կողմէ 9 Նոյեմբերի եռակողմանի յայտարարութեան եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի ներքոյ ստանձնած պարտաւորութիւններու ոտնահարման իբրեւ արդիւնք:
Դեսպան Պապիկեան կոչ ուղղեց ԵԱՀԿի նախագահութեան եւ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահող երկիրներուն՝ գործօն միջոցներու ձեռնարկելու՝ դադրեցնելու Ատրպէյճանի սադրանքները, եւ վերսկսելու հակամարտութեան կարգաւորման խաղաղ գործընթացի:
«Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչն առանձնայատուկ ընդգծեց, որ ԵԱՀԿ տարածքում ուժի կիրառումը չի կարող «լուծել» որեւէ հակամարտութիւն եւ ադրբեջանական կողմից ուժի կիրառումը, որպէս հակամարտութեան կարգաւորման օրինական գործիքի ներկայացումը վտանգում է ԵԱՀԿի տարածաշրջանի անվտանգութիւնը եւ վարկաբեկում հակամարտութիւնների խաղաղ կարգաւորման նպատակով ստեղծուած միջազգային կազմակերպութիւնները՝ այդ թւում ԵԱՀԿն: Ամփոփելով իր ելոյթը՝ դեսպան Պապիկեանը կոչ արեց ԵԱՀԿ լեհական նախագահութեանը ուշադրութեան կենտրոնում պահել ԼՂ հակամարտութիւնը, եւ յոյս յայտնեց, որ Լեհաստանի նախագահութիւնը միջազգային այլ գործընկերների հետ միասին կ՛օգտագործի առկայ գործիքակազմը՝ Ադրբեջանին յստակ եւ միանշանակ ուղերձ յղելու համար, որ ուժի շարունակական կիրառումը չի կարող հանդուրժուել եւ անհետեւանք մնալ», կը յայտնէ արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ աւելցնելով, որ Ատրպէյճան պէտք է անյապաղ դադրեցնէ իր սադրանքները, դուրս բերէ իր ուժերը Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն, դադրեցնէ լարուածութեան սրումը թէ՛ Հայաստանի սահմանին, թէ՛ Արցախի հետ շփման գիծին մէջ եւ կատարէ իր ստանձնած պարտաւորութիւնները: