ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Վահան Յունանեան 13 Յունուարին յայտարարեց, որ, իրենց տպաւորութեամբ, Թուրքիոյ կառավարութիւնը եւս կը կիսէ առանց նախապայմանի երկխօսութեան սկսելու մօտեցումը: Սակայն, նոյն օրն իսկ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան դիտել տուաւ, որ Ատրպէյճանի կողմէ հողերու ազատագրութեամբ Կովկասի մէջ նոր փուլ կը մտնենք: «Հայաստանի հետ կարգաւորման գործընթացի սկսած ենք, որպէսզի ձեռնարկուող քայլերը արդիւնք տան, Հայաստան պէտք է օգտագործէ տարածաշրջանային խաղաղութեան կարեւորութիւնը եւ այս առումով կարեւոր է, որ Հայաստան դրական յարաբերութիւններ հաստատէ Ատրպէյճանին հետ», հաստատեց Էրտողան Անգարայի մէջ հաւատարմագրուած Եւրոպական Միութեան երկիրներու դեսպաններուն հետ հանդիպումին:
Թուրքիոյ կողմէ առաջադրուած այս նախապայմանը չտեսնող Յունանեան յայտնեց նաեւ, թէ կ՛ակնկալեն, որ Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութեան շնորհիւ երկու երկիրներուն միջեւ սահմանը կը բացուի:
«Հայաստանի ակնկալիքներն այդ երկխօսութիւնից, ըստ էութեան, նոյնն են, ինչ եղել են 1990ականների սկզբներից ի վեր: Մենք ակնկալում ենք, որ գործընթացի արդիւնքում Հայաստանի եւ Թուրքիայի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ կը հաստատուեն եւ երկու երկրների միջեւ սահմանը, որը Թուրքիայի կողմից միակողմանիօրէն փակուել էր 90ականների սկզբին, կը բացուի», նշեց խօսնակը:
Յունանեան ըսաւ, որ Հայաստան մնայուն կերպով յայտարարած է, որ պատրաստ է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու լուծման՝ առանց որեւէ նախապայմանի. «Այս առումով եւս պէտք է փաստեմ, որ Հայաստանի մօտեցումը որեւէ փոփոխութիւն չի կրել՝ նոյն դիրքորոշումն արտացոլուած է նաեւ ՀՀ կառավարութեան 2021-2026թթ. ծրագրում», դիտել տուաւ ան:
Անդրադառնալով 14 Յունուարին, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչներուն Մոսկուայի մէջ հանդիպումին՝ Վահան Յունանեան նշեց, որ անիկա տեղի պիտի ունենայ ռուսական կողմին հիւրընկալութեամբ եւ պիտի կրէ ճանաչողական բնոյթ:
«Դժուար է ակնկալել, որ մէկ հանդիպման արդիւնքում հնարաւոր կը լինի ունենալ շօշափելի արդիւնքներ, սակայն դրանով կը տրուի գործընթացի մեկնարկը», ըսաւ Յունանեան:
Accepting without condition meetings, if its done in Europe or
United nation is acceptable BUT NOT IN RUSSIA, because as
usual *WILL BE DICTATE TO SIGN AGREEMENT*, WITHOUT ANY
APPROVAL BY MAJORITY EXPELLED ARMENIANS, DONE USUALLY
*IN SECRECY, AS OBLIGED”; PASHINIAN ALONE IS NOT MANDATED
TO SPEAK ON WESTERN ARMENIANS CLAIMS FIRST, SECONDLY
HIS PRO BOLSHEVIK SUBJUGATED “CAPITULATIONS AND FREE
WITHDRAWAL, LAND GRANTING ORDERS, DURING 44 DAYS WAR
FACT, DOES NOT HAVE MAJORITY APPROVAL AND CONFIDENCE:
LABELED BY MOST TREACHERY; THEREFORE IN BRUSSELS OR IN
UNITED NATIONS, THESE MEETINGS ARE ALLOWED IN PRESENCE
OF DIASPORA DELEGATION AS LEGAL VICTIMS OF GENOCIDES,
HAVING SEVRES TREATY MAP OF ARMENIA DECIDED BY S.D.N. NO
HOSTILE , “FRIENDLY DISGUISE, NON RELIABLE CITIES”. LIKE
ANKARA. BAKU AND MOSCOW ANYMORE; BECAUSE WE DON’T
SEE ANY “ABAKA GA” IN HIS ALL MEETINGS AND DISCREDITED
INTERVIEWS LIKE BBC. reducing army budget BUT RAISING OWN
SALARY, sending soldiers outside, reducing number of servicemen,
ALL DECISIONS IN 4 YEARS IS AGAINST ARMENIA HIGHEST INTERESTS.
READY TO CAPITULATING TOTAL ARMENIA !!!!!.
Only 13 years has passed since the ill fated without preconditions football diplomacy.
When will Armenian officials stop being gullible, credulous and naive?