
ՌՕԶ ԱԼԹՈՒՆԵԱՆ
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ մօր, մեծ մօր եւ հարազատին՝ Ռօզ Ալթունեանի մահը, որ պատահեցաւ Չորեքշաբթի, 22 Դեկտեմբեր 2021ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Ուրբաթ, 28 Յունուար 2022ին, կէսօրուան ժամը 12ին, Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, 58 S. Sierra Madre Blvd., ապա թաղումը՝ Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Զաւակը՝ Մայքըլ եւ Տան Նշանեան եւ զաւակները՝ Մաթիու, Աշլի եւ Միա
Եւ համայն հարազատները, բարեկամները, ընկերներն ու ընկերուհիները
Թաղման արարողութենէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի Փասատինայի «Ճիվելեկեան» Երիտասարդական կեդրոնի սրահին մէջ, 2242 E. Foothills Blvd., Pasadena
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (St. Sarkis Church, 58 S. Sierra Madre Blvd., Pasadena, CA 91107), կամ ՀՕՄի «Անահիտ» մասնաճիւղին (ARS Anahid Chapter, P.O.Box 19191 Encino, CA 91416-9191), կամ ՀՅԴ «Լեռնավայր» կոմիտէութեան (ACF Pasadena, 2242 E. Foothill Blvd., Pasadena, CA 91107) կամ Greek Armenian Association-ին ( c/o GAA 319 Fairview Ave., South Pasadena, CA 91030)
ՌՕԶ ԱԼԹՈՒՆԵԱՆի՝ ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան նախկին անդամուհիին, մահուան տխուր առիթով, ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը, Ընկերային ծառայութիւններու եւ Հոգեբանական կեդրոնի գրասենեակներու տնօրէնութիւններն ու պաշտօնէութիւնները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի քրոջ, ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան նախկին անդամուհիներէն Թերի Մինասեանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ՌՕԶ ԱԼԹՈՒՆԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, ՀՅԴ «Լեռնավայր» կոմիտէութեան ընկեր-ընկերուհիները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի զաւակին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։