ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը նախաձեռնած է նամակագրութեան արշաւի մը՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պայտընի վարչակարգէն եւ օրէնսդիր իշխանութիւններէն պահանջելու, որ հիմնական կերպով փոխեն Հարաւային Կովկասի նկատմամբ քաղաքականութիւնը։
Արշաւին զարկ տալու նպատակով, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Ռաֆֆի Համբարեան նամակ մը յղած է քոնկրեսականներուն՝ կոչ ընելով անոնց, որ ճնշում բանեցնեն նախագահ Պայտընի վարչակարգին վրայ, մատնանշելով, թէ յատկապէս հետեւեալ հարցումներուն մասին յստակ պատասխաններ պէտք է ապահովել․
– Պայտըն մինչեւ հիմա ինչո՞ւ յստակօրէն չէ դատապարտած Ատրպէյճանի բռնարարքները․
– Պայտընի վարչակարգը ե՞րբ պիտի կասեցնէ Ատրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան օժանդակութիւնները․
– Ամերիկեան տուեալներով իսկ, Արցախի վրայ Ատրպէյճանի յարձակումներուն պատճառով տեղահանուած են մօտաւորապէս 90,000 հայ գաղթականներ։ Անոնց տրամադրուող աջակցութիւնը ինչո՞ւ շատ սահմանափակ եղած է․
– Ուաշինկթըն հայ գերիները պատերազմական գերիներ կը նկատէ՞։ Եթէ այդպէս է, ինչո՞ւ քայլերու չի դիմեր անոնց անյապաղ վերադարձը ապահովելու համար․
– Ի՞նչ քայլերու դիմուած է բացայայտելու համար, թէ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա իրենց պատերազմական ոճիրներուն եւ շարունակուող բռնարարքներուն համար ամերիկեան արհեստագիտութիւն օգտագործա՞ծ են․
– Հետապնդուա՞ծ է Անգարայի մեղսակցութեամբ ահաբեկիչներու մասնակցութեան ապահովումը Արցախի պատերազմին․
– Ուաշինկթըն ինչո՞ւ չէ դատապարտած Հայաստանի սահմաններէն ներս Ատրպէյճանի ոտնձգութիւնները․
– Ի՞նչ քայլերու դիմուած է Ամերիկայի կողմէ հաստատուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրանալու՝ Անգարայի քայլերուն դէմ եւ Ամերիկայի տարածքին Հայոց Ցեղասպանութիւնը դասաւանդելու համար։
Արշաւին միանալու համար այցելել anca.org/answers կայքէջը։