ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 19 Յունուարին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Ազգային ժողովին մէջ կառավարութեան անդամներուն հետ հարցում-պատասխան օրակարգի բաժինին ընթացքին խօսեցաւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ սահմանագծման վերաբերող գործընթացին մասին։
Ան դիտել տուաւ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման եւ սահմանագծման հարցով երկկողմ յանձնաժողով չէ կազմուած տակաւին, կը քննարկուին պայմանները եւ կան յստակացուելիք որոշ հանգամանքներ:
«Առայժմ սահմանագծման, սահմանազատման յանձնաժողով ձեւաւորուած չէ, քննարկւում են այն պայմանները, որով այդ յանձնաժողովը կարող է սկսել աշխատել: Մեր համոզմունքն է, որ քանի դեռ յստակ մեխանիզմներ (գործիքակազմեր) չեն ներդրուել, յստակ քայլեր չեն իրականացուել սահմանագօտում կայունութեան եւ անվտանգութեան մակարդակի բարձրացման ուղղութեամբ, մեխանիզմներ, որոնք կ՛օգնեն կանխել հետագայ բախումները` մտադրուած կամ երբեմն պատահական, տեխնիկական (արհեստագիտական) պատճառներով տեղի ունեցող բախումները սահմանագծին, այդ յանձնաժողովը դժուարութիւններ կ՛ունենայ ստեղծուելու եւ աշխատելու հարցում», յայտնեց Միրզոյեան:
Յանձնաժողովի կազմութեան յստակ ժամկէտներ չկան, սակայն, ըստ նախարարին, կայ ընկալում, որ խօսքը մօտալուտ գործընթացի մասին է: Կան կարգ մը հանգամանքներ պարզելու, համաձայնեցնելու, անկէ ետք է, որ յանձնաժողովը կրնայ կազմուիլ եւ աշխատիլ:
Ան դիտել տուաւ, որ հայկական կողմը Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանագօտիին մէջ իրավիճակի սաստկացման մեղմացման, լարուածութեան նուազեցման, ապահովութեան եւ կայունութեան մակարդակի բարձրացման վերաբերող շարք մը միջոցառումներու ծրար նախապատրաստած եւ փոխանցած է թէ՛ ռուսական եւ թէ, Ռուսիոյ միջնորդութեամբ, ատրպէյճանական կողմին, իսկ ներկայիս կը սպասէ արձագանգի։ Նախարարը յայտնեց, որ մանրամասնութիւններ չի կրնար հրապարակել, բայց կրնայ միայն ըսել, որ «դրանք բխում են կառավարութեան եւ վարչապետի կողմից նախապէս եւ մշտապէս բարձրաձայնուած` զօրքերի հայելային յետքաշմանը եւ յաւելեալ անվտանգութեան մեխանիզմների ստեղծումից, մեր ընդհանուր նախապէս հռչակած հայեցակարգից»:
Միրզոյեան աւելցուց, որ նշեալ ծրարը ներկայացուեցաւ նաեւ Անվտանգութեան խորհուրդին:
Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը զիջելու առնչութեամբ հարցումի մը պատասխանելով՝ արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց, որ Հայաստանի որեւէ իշխանութիւն երբեւէ կասկածի տակ չէ դրած եւ որեւէ իշխանութիւն պիտի չփորձէ կասկածի տակ դնել Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական փաստ ըլլալու հանգամանքը: Ըստ անոր՝ ասիկա նշուած է կառավարութեան ծրագիրով, որ հաստատուած է խորհրդարանին կողմէ: «Այնտեղ սեւով սպիտակի վրայ գրուած է ՀՀ կառավարութեան դիրքորոշումը` Հայոց Ցեղասպանութեան շուրջ: ՀՀ որեւէ իշխանութիւն երբեւէ, եւ յոյս ունեմ նաեւ ապագայում ՀՀ որեւէ իշխանութիւն որեւէ փորձ անգամ չի անի կասկածի տակ դնելու Հայոց ցեղասպանութեան պատմական փաստ լինելու հանգամանքը», ըսաւ ան։
Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչներու առաջին հանդիպումին մասին խօսելով՝ ան դիտել տուաւ, որ հանդիպումին մասին հրապարակուած հաղորդագրութիւնները գրեթէ նոյնական են եւ պարզ կը դառնայ, որ գործընթացը սկսելու կամ գործընթացը աւարտին հասցնելու համար թրքական եւ հայկական կողմէ որեւէ նախապայման չէ եղած։
Պատգամաւորներ մը դիտել տուաւ, որ կան կարծիքներ այն մասին, թէ՝ համաձայնելով Թուրքիոյ հետ երկխօսութեան, հայկական կողմը կ՛ընդունի այն նախապայմանները, որոնք տարիներ շարունակ ունեցած է թրքական կողմը: Արարատ Միրզոյեան յայտնեց, որ գործընթացը մեկնարկած է, ըստ էութեան, ճանաչողական եւ թեքնիք բնոյթ ունի, «ինչ-որ առումով բովանդակային մանրամասնութիւնների եւ հետագայ ընթացքի վերաբերեալ քննարկում եւ հերթական անգամ տեսանք, որ որեւէ նախապայման չկայ»։
Անդրադառնալով այն հարցին, թէ Անգարա որեւէ փուլի կրնա՞յ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը կապել, այսպէս կոչուած, միջանցքային տրամաբանութեան հետ՝ Միրզոյեանի ըսաւ, որ իսկապէս կային քանի մը հրապարակումներ թրքական փորձագիտական շրջանակներէ, պատգամաւորական շրջանակներէ՝ միջանցքի տրամադրման վերաբերեալ: «Այստեղ կրկին մեր դիրքորոշումը վաղուց եւ բազմիցս արտայայտուել է, որ մենք որեւէ միջանցքային տրամաբանութեան չենք համաձայնելու, դա մեզ համար անընդունելի է: Մենք կողմ ենք տարածաշրջանային կոմունիկացիաների (հաղորդակցութեան) ապաշրջափակմանը եւ գիտակցում ենք, որ այդ ապաշրջափակման արդիւնքներով ինչպէս Հայաստանն է ճանապարհներ ստանալու երկաթուղային եւ աւտոմոբիլային (հանրակառքերու) Ադրբեջանի տարածքով, հայ-թուրքական սահմանի բացման պարագայում նաեւ Թուրքիայի տարածքով, այնպէս էլ Թուրքիան եւ Ադրբեջանը պէտք է կարողանան օգտուել հայաստանեան ճանապարհներից: Այստեղ կարեւորը այն է, որ մեզ համար եւ, կարծես թէ, այդպիսին ընդհանրական ընկալում ունենք կամ պէտք է լինի, որ որեւէ ճանապարհից, որից կ՛օգտուի երրորդ կողմը պէտք է լինի այն երկրի օրինականութեան եւ օրէնսդրութեան տակ, որի տարածքով անցնում է, այն է` Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքով որեւէ միջանցք չի կարող լինել: Չի կարող լինել նաեւ այն պատճառով, որ Նոյեմբերի 9ի եռակողմ յայտարարութեան մէջ կայ մէկ միջանցք, դա Լաչինի միջանցքն է, մնացած ճանապարհների մասին խօսւում են որպէս ճանապարհներ», եզրափակեց Միրզոյեան:
Any positive or negative outcome between Turkey and Armenia, ANY
KIND OF SECRET SIGNATURE IS OUT OF QUESTION : “OBLIGED, NON
OBLIGED, FOR THE BEST OF OUR NATION” ARGUMENTS, NON
VERIFIED, NON APPROVED BY OUTSIDE-INSIDE TOTAL NATION MUST
BE REJECTED AND SIGNER, WHOEVER DOES WILL PAY WITH HIS LIFE,
WITH ACCESSORIES !!. 1000 YEARS SMOOTHLY KILLING ARMENIANS
AND OCCUPATION OF TERRITORIES, IS WELL KNOWN, ANY TRAITOR
“TALKING MAGPIES”, GLORIFYING, SMOOTHER, PAID AGENT WILL HAVE
REPEATING, DEATH SENTENCE !!; NOT 1 SQUARE INCH LAND OR 100%
FREE TRANSIT AGREEMENT MUST BE CONSIDERED AS COUNTRY
SELLING CONTINUATION ACT: TOTAL NATION IS FED UP FROM 101 YEARS
ENGINEERED ARMENIA LAND SELLING AND GENOCIDES IN ROW !!!.