ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Դեկտեմբեր 2021ին, Պրիւքսէլի մէջ Եւրոպական խորհուրդի եւ Ֆրանսայի նախագահներուն միջնորդութեամբ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի ղեկավարներու հանդիպումներէն շաբաթներ ետք Եւրոպական Միութիւնը, բարձրաստիճան դիւանագէտներու ղեկավարութեամբ՝ պատուիրակութիւն մը գործուղեց Պաքու ու Երեւան:
Եւրոպական Միութեան խորհուրդին մէջ ֆրանսական նախագահութեան ներկայացուցիչ Իզապէլ Տիւմոնի եւ Հարաւային Կովկասի ու Վրաստանի ճգնաժամի հարցերու Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի գլխաւորած առաքելութիւնը 21 Յունուարին Երեւանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ։
Ըստ հայկական կողմի հաղորդագրութիւններուն՝ քննարկուեցան հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացի շուտափոյթ մեկնարկը եւ այդ նպատակով համապատասխան մթնոլորտի ձեւաւորումը, հայ-ատրպէյճանական սահմանին իրավիճակի լիցքաթափման ու կայունութեան ապահովման վերաբերող քայլերը: Միտքեր փոխանակուեցան Սոչիի մէջ Ռուսիոյ նախագահին, ինչպէս նաեւ Պրիւքսէլի մէջ Եւրոպական խորհուրդի նախագահին ու Ֆրանսայի նախագահին միջնորդութեամբ տեղի ունեցած հանդիպումներու արդիւնքներուն եւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման վերաբերեալ: Անհրաժեշտ նկատուեցաւ նաեւ զինադադարի դրութեան լամբողջական պահպանումը, ինչպէս նաեւ` Ատրպէյճանի բարձր ղեկավարութեան կողմէ ռազմատենչ հռետորաբանութենէ հրաժարիլը։
Ընդգծուեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի մնայուն լուծման ուղղութեամբ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան հովանիին տակ խաղաղ գործընթացի լիարժէք գործարկման եւ համանախագահներու գործունէութեան աշխուժացման անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիպումներուն ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ 44օրեայ պատերազմին պատճառով յառաջացած մարդասիրական հարցերուն, եւ, ըստ հայկական կողմին, Տիւմոն եւ Քլաար ընդգծեցին, որ Եւրոպական Միութիւնը աշխոյժ աշխատանք կը տանի ռազմագերիներու ճգնաժամը շուտափոյթ լուծելու ուղղութեամբ: Այս պարունակին մէջ, շեշտը դրուեցաւ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացի պատանդներու անյապաղ հայրենադարձման վրայ:
Յիշեցնենք, որ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայաստանցի ռազմագերիներու տասը հոգինոց խումբը Երեւան վերադարձաւ Եւրոպական Միութեան միջնորդութեամբ` Փաշինեան-Ալիեւ պրիւքսէլեան հանդիպումէն օրեր ետք, եւ Պաքուէն Երեւան թռիչքի ընթացքին օդանաւին մէջ անոնց կ՛ընկերակցէր Թոյվօ Քլաար:
Նշենք, որ Հայաստանէն առաջ պատուիրակութիւնը այցելած էր Ատրպէյճան։