ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Փակ քուէարկութեան մասնակցեցան 107 պատգամաւորներէն 68ը, որոնք թեր քուէարկեցին: Ընդդիմութիւնը չմասնակցեցաւ քուէարկութեան:
Քրիստինէ Գրիգորեան երդում տուաւ. ան պաշտօնը պիտի վարէ գործող պաշտպանի պաշտօնավարման ժամկէտի աւարտին յաջորդ օրը:
Գործող Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեանի պաշտօնավարման ժամկէտը կ՛աւարտի 23 Փետրուարին: