ՄՈՍԿՈՒԱ, ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Հինգշաբթի օր յայտարարեց, թէ արեւելեան Եւրոպայի ապահովութեան շուրջ Մոսկուայի ներկայացուցած առաջարկներուն վերաբերող Միացեալ Նահանգներու փոխանցած պատասխանը չի բաւարարեր Մոսկուայի պայմանները, սակայն շեշտեց, թէ այս գծով վերջնական պատասխանը պիտի գայ նախագահ Վլատիմիր Փութինէն։
Մոսկուա կը պահանջէ, որ ՆԱԹՕն կասեցնէ դէպի արեւելք իր ընդարձակումը եւ դադրեցնէ Ուքրանիոյ եւ Վրաստանի անդամակցութեան հարցի քննարկումը։
Լաւրով ցաւ յայտնեց, որ Ուաշինկթըն եւ Եւրոպայի անոր դաշնակիցները «Ռուսիան զսպելու ջանքերը կը կրկնապատկեն»:
«Մոսկուա ապահովական երաշխիքներու իր առաջարկներուն շուրջ քննարկումներուն անվերջ ձգձգումը պիտի չարտօնէ:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն ըսաւ, որ պիտի քննէ Փութինի դէմ անձնական պատժամիջոցներու սահմանումը, եթէ Ռուսիա Ուքրանիա ներխուժէ:
Պայտըն այս յայտարարութիւնը կատարեց, մինչ ՆԱԹՕի անդամ երկիրները կը շարունակեն զինուորական նախապատրաստական աշխատանքները՝ ուժերը պատրաստ վիճակի բերելու՝ իբրեւ պատասխան Ուքրանիոյ հետ սահմանին մօտ Ռուսիոյ զօրքերու կուտակումին:
Ըստ Պայտընի՝ եթէ Ռուսիա յարձակի, անիկա պիտի ըլլայ Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ի վեր մեծագոյն ներխուժումը եւ «պիտի փոխէ աշխարհը»։