ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ռուսական ընկերութիւններ շարք մը դիմումներ ուղարկած են Արցախի մէջ նախագիծերու իրականացման համար, յայտարարեց Ատրպէյճանի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Միխայիլ Պոչառնիքով:
«Ռուսական ընկերութիւններ 14 դիմում ներկայացուցած են Ղարաբաղի մէջ նախագիծերու որոշ առաջարկներով, որոնց մեծ մասը պայմանագրային նախագիծեր են, սակայն կան նաեւ ներդրումային ծրագիրներ արդիւնաբերութեան եւ գիւղատնտեսութեան ոլորտներուն մէջ», յստակացուց ան: