ԱՊՈՒ ՏԱՊԻ, «Ռոյթըրզ».- Իսրայէլի նախագահ Իցհաք Հերցոկ շաբաթավերջին այցելեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, ուր հանդիպում ունեցաւ Ապու Տապիի գահաժառանգ շէյխ Մուհամմատ պըն Զայէտ Նահիանի հետ: Այս պատմութեան մէջ առաջին անգամն էր, որ Իսրայէլի նախագահ մը կ՛այցելէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ: Երկու երկիրները իրենց յարաբերութիւնները սկսած էին բնականոնացնել 2020ի աշնան:
Երկու ժամ տեւողութեամբ հանդիպումին ընթացքին, Հերցոկ կոչ ուղղեց, որ տարածաշրջանին մէջ աւելի մեծ թիւով երկիրներ ճանչնան Իսրայէլը, եւ դատապարտեց Եմէնի հուսիներուն կողմէ վերջերս Ապու Տապիի վրայ կատարուած յարձակումը:
«Կ՛ուզեմ շեշտել, որ մենք ամբողջովին կը զօրակցինք ձեր ապահովական պահանջներուն եւ կը դատապարտենք ձեր գերիշխանութեան վրայ ամէն ձեւի յարձակումները», ըսաւ Հերցոկ, ըստ Իսրայէլի նախագահի գրասենեակին:
Կողմերը քննարկեցին 2020ին ստորագրուած՝ «Աբրահամի խաղաղութեան համաձայնութեան» լոյսին տակ երկկողմ գործակցութեան տարբեր երեսները, ինչպէս նաեւ շարք մը նիւթեր եւ հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող շրջանային ու միջազգային հարցեր:
Շէյխ Նահիան յայտնեց, որ երկու երկիրները համակարծիք են՝ «ահաբեկիչ զինեալներուն եւ ուժերուն» դէմ խիստ կեցուածք որդեգրելու կարեւորութեան շուրջ: