
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, hոգեւորականաց դասը, Կրօնական ժողովը եւ Ազգային վարչութիւնը խոր ցաւով կը գուժեն թեմիս հանգստեան կոչուած հոգեւորականներէն Հրանդ քհնյ. Սրապեանի վախճանումը, որ պատահեցաւ Կիրակի, 23 Յունուարին, Ֆրեզնոյի մէջ:
Վախճանեալ քահանայ հօր վաստակը կ՛երկարի աւելի քան չորս տասնամեակներու վրայ: Ան ծնած է Գահիրէ, 1939ին: Յաճախած է տեղւոյն Գալուստեան Ազգային նախակրթարանը: Մանուկ հասակէն ծառայած է իբրեւ դպիր տեղւոյն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ապա մեկնած է Երուսաղէմ, աստուածաբանական ուսման հետեւելու նպատակով:
1962ին, ան մուտք գործած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը եւ հետեւած է քահանայից պատրաստութեան դասընթացքին, Գարեգին վրդ. Սարգիսեանի (հետագային՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, ապա Ամենայն Հայոց կաթողիկոս) շունչին ներքոյ: 1964ին, հաստատուած է Միացեալ Նահանգներ, ուր դեղագործական թեքնիք բաժինի իր աշխատանքին կողքին, իբրեւ դպիր ծառայած է Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ:
1980ին ձեռնադրուած է քահանայ եւ ստացած օծում ձեռամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի օրուան առաջնորդ Եփրեմ եպս. Թապագեանի, որ զայն վերակոչած էր տէր Հրանդ, ի յիշատակ թեմի առաջին առաջնորդ Հրանդ արք. Խաչատուրեանի:
Նորոգ վախճանեալ տէր հայրը գլխաւորաբար 13 տարի ծառայած է իբրեւ հոգեւոր հովիւ՝ Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ մէջ: Ան գործած է նուիրումով եւ նպաստած գաղութի եկեղեցական ու ազգային աշխատանքներուն՝ շարունակելով Հայ եկեղեցւոյ իր ծառայութիւնը նաեւ հանգստեան կոչուելէն ետք:
Այս տխուր առիթով, առաջնորդ սրբազանը, հոգեւորականաց դասը, Կրօնական ժողովն ու Ազգային վարչութիւնը կը ցաւակցին վախճանեալ տէր հօր այրիին, զաւակներուն, հարազատներուն, ինչպէս նաեւ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին:
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ