
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երգչուհի, Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Շուշան Պետրոսեան երաժշտասէրներու դատին յանձնեց իր նոր՝ «Շուշի» երգը:
Երգին հիման վրայ պատրաստուած տեսահոլովակը արդէն համացանցի վրայ է:
Երգի խօսքերուն եւ երաժշտութեան հեղինաը Աննա Հովներն է, հոլովակի բեմադրիչը` Վահէ Եանը, նկարահանողը՝ Սուրէն Թադեւոսեանը:
Շուշան Պետրոսեան մասնակցած է Հայաստանի եւ արտասահմանի մէջ Հայկական Սփիւռքի ներկայացուցիչներուն համար կազմակերպուած բազմաթիւ համերգներու, հանդէս եկած է մենահամերգներով: Երգչուհին ունի բազմաթիւ սիրուած երգեր, որոնցմէ են՝ «Մայրիկ», «Պատրանքի Թեւով», «Իմ Անուշ Հայրենիք» եւ այլ ստեղծագործութիւններ: