
Մխիթարեան միաբանութեան հանդէսներու թուային գրադարանը եւ կայքը արդէն իսկ հրապարակուած են. անոնք կը ներկայացնեն 1794էն 1920ի միջեւ տպուած հայ մամուլէն հաւաքածոներ՝ թուայնացուած ու անվճար։

Առ այժմ, Մխիթարեան միաբանութեան Վիեննայի Աւագ Մենաստանի գրադարանի հարուստ հաւաքածոյէն թուայնացուած են առաւել քան 400,000 էջեր։ Թուայնացումի եւ հանրութեան անվճար տրամադրելի դարձնելու այս ծրագիրը արդիւնքն է՝ Մխիթարեան միաբանութեան, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հիմնարար գիտական գրադարանին միջեւ համագործակցութեան։
Թուային գրադարանի կայքը կը ներկայացնէ Միաբանութեան գրադարանէն հաւաքածոներ, իսկ անոր նպատակն է մէկ հասցէով կամ յղումով ընթերցողը եւ հետազօտողը առաջնորդել դէպի թուային նիւթերը, որոնք ամբարուած են Հիմնարար գիտական գրադարանի շտեմարաններուն մէջ եւ ցանկագրուած՝ ակադեմիային կողմէ։ Թուայնացումի աշխատանքը շարունակական է, իսկ նիւթերը համապատասխան կայքէջերուն եւ շտեմարաններուն մէջ հասանելի պիտի դառնան իրենց պատրաստութեան կարգով։
Այս յոյժ կարեւոր նախաձեռնութեան եւ մեծածաւալ աշխատանքին շնորհիւ, հայ ժողովուրդի մշակութային գրաւոր ժառանգութիւնը հասանելի պիտի դառնայ հանրութեան՝ առցանց, անվճար ու բաց ձեւաչափով։
Ծանօթանալու համար ծրագիրին նպատակներուն, եւ կարդալու թուայնացուած մամուլը, կարելի է այցելել թուային գրադարանին կայքը ու շտեմարանները՝ Մխիթարեան միաբանութեան գրադարան, Համահայկական թուանշային գրադարան, ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԵՆԱՍՏԱՆԻՆ մամուլին շտեմարանը.
Հիմնարկութեան ներկայ ինչպէս նաեւ այլ ծրագիրներու մասին կարդալու եւ տեղեկանալու համար այցելել կայքէջը եւ արձանագրուիլ լրատուին։
(Հաղորդագրութիւնը՝ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութենէն)